2017-05-26 11:34:00

Ֆրանչիսոս Պապին 26 Մայիսի քարոզը` ''քրիստոնեայի ուղեւորութիւնը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 26 Մայիս 2017-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան  մէջ մատուցած առօրեայ ս. պատարագի ընթացքին, ներշնչուելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումներէն, որպէս խորհրդածութիւն նիւթ ընտրեց քրիստոնեայի ուղեւորութիւնը, զայն եզրակացնելով երեք բառերու մէջ. Յիշատակ, աղօթք ապա աշխարհ։

''Բարի քրիստոնեայ ըլլալու համար հարկաւոր է միշտ մեր մտքին մէջ ունենալ Յիսուսի հետ առաջին հանդիպումի յիշատակը, այդ յիշատակի շնորհքն է որ դժուարութեան պահերուն մեզի վստահութիւն կը ներշնչէ'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ապա թուեց ուղեւորութեան երկրորդ յատկութիւնը` որ է աղօթքը, որուն միջոցաւ Յիսուսի հետ մեր կապը կը շարունակուի, ու Ան մեզ կ՛ունկնդրէ։ Իսկ երրորդ կէտը` աշխարհն է, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։ Յիսուս նախ քան երկինք համբառնալը­,  իր աշակերտներուն պատգամեց ''երթալ համայն աշխարհ ու աշակերտել''։

''Քրիստոնեաներու տեղը աշխարհն է` ուր անոնք կ՛աւետեն Յիսուսին Խօսքը'', ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, աւելցնելով թէ ''այս կ՛ընենք, ըսելու համար որ մենք փրկուած ենք, Յիսուս եկաւ մեզի պարգեւելու շնորհքը` մեզ իր հետ տանելու Հօր առջեւ''։

Յիշատակ, աղօթք եւ առաքելութիւն, ասոնք են քրիստոնեայի ուղեւորութեան յատկանիշները, յարեց Սրբազան Քահանայապետը, ընդգծելով թէ առաքելութեան երթալ կը նշանակէ նաեւ վկայութիւն տալ, ոչ միայն խօսքով այլ նաեւ ապրելակերպով։

Թող որ Տէրը մեզի պարգեւէ շնորհքը լաւապէս ըմբռնելու քրիստոնէական կեանքի ուղեւորութեան յատկանիշները ու յառաջ ընթանանք ուրախութեամբ` այն ուրախութիւնը զոր ոչ մէկը կարող է մեզմէ խլել  - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով քարոզը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.