2017-05-26 13:51:00

Վանականութիւն (ԼԵ)


Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ, վանական հաստատութիւնները ստէպ վայելած են աշխարհական իշխանաւորներու հովանաւորութիւնը։ Յատկապէս միջին դարուն վանքերը ստացած են կալուածներ՝ արօտավայրեր, անտառներ, գիւղեր, ամրոցներ կամ բերդեր։ Թագաւորական կամ իշխանական ընտանիքներու բարեպաշտ անդամներ նիւթապէս օգնած են վանքերուն եւ զանոնք առած են իրենց պաշտպանութեան տակ։ Սակայն ոչ բոլոր պարագաները եղած են զերծ խնդիրներէ եւ բախումներէ։ Ստեփանոս Օրբելեան Պատմագիրը, խօսելով Սիւնիքի հայրապետներու կամ վանքերու ստացած ժառանգութիւններու եւ կտակներու մասին, կը յիշէ նաեւ թէ որոշ պարագաներու, իշխաններու եւ հայրապետներու համաձայնութիւնները եւ կամ նուիրատուութիւնները հանդիպած են հակառակութեան, ուր աշխարհական եւ եկեղեցական իշխանաւորներու որոշումները յարգուած եւ ընդունուած չեն որոշ անձերու կամ հասարակութիւններու կողմէ։
Ստեփանոս Օրբելեան իր պատմութեան 42րդ գլխուն մէջ կը պատմէ «Եկեղեցւոյ եւ Հայրապետներու ժառանգութեան մասին, որ տուին թագաւորները եւ իշխանները։ Այլեւ վանքի սահմաններու մասին, որ գտանք մագաղաթի վրայ գրուած ու կնքուած արքունական մատանիով։» Ան կը գրէ՝ «Թագաւորը սուրբ եկեղեցիին կʼընծայէ Արեւիք գաւառի Մեղրաձորի Կարճաւան մեծ աւանը, որ ինք ձեռք բերած էր գնմամբ։ Կը գնէ նաեւ Հրաժիքը Սիւնեաց իշխաններէն եւ այն եւս կʼընծայէ՝ ազատ բոլոր տեսակի հարկերէ։ Կու տայ նաեւ Գեղարքունիքի Սոթք գաւառի Խորասանաբակն ու Գառնիի ձորի Գոտող վանքը։ Սիւնեաց գահերէն իշխան Աշոտն ալ կու տայ Հաբանդ գաւառի Ցողունի գիւղը, Սիւնիքի Ծղուկ գաւառի Բնունիքը, կը նուիրէ նաեւ Ցուրայ գետը եւ վանքը՝ Ցուր բերդով եւ ագարակներով, Տանձատափը եւ Դեղնաձորը։ Բաղացիները կու տան Տաշուն, Աշոտի կողմէ փոխանակուած ուրիշ գիւղի հետ. կու տան նաեւ Բաղք գաւառի Եղեգք գիւղը։ Սուփանեանները կու տան Արիտ գիւղը՝ սահմանակից Հարժիքին եւ Տամալեկքին։ Յետոյ ալ կը նուիրեն Գեղարգունիքի Կտկոյք գիւղը՝ ամէն տեսակի հարկերէն ազատ։ Սիւնեաց մեծ բարեպաշտուհի տիկինը կը պարգեւէ Ծածարդն ու Քարատնիքը։ Եւ այս բոլորին համար մեծ բազմութեան ու կաթողիկոսի ներկայութեամբ կտակ կը գրեն եւ կʼեզրափակեն ահաւոր նզովքներով, սոսկալի ու սարսափելի բանաձեւումով։
Վաւերագրերը կը կնքեն թագաւորի, կաթողիկոսի եւ իշխաններու վարազագիր մատանիով, կը յանձնեն Սիւնեց եպիսկոպոս Տէր Յովհաննէսին։ Մենք երբ տեսանք այդ ամբողջ վճռագրերը իրենց իսկ ընծայողներու ստորագրութիւններով՝ հնացած ու եզրերը կտրտուած, ուստի եւ շատերէն քիչը կարողացանք կարդալ։ Եւ քանի որ երկար էին, կարդացողներու համար ձանձրանալի համարելով՝ այս գրքի մէջ չզետեղեցինք։ Բայց ամենակարեւոր կալուածագիրը, որ շրջակայ սահմանները ցոյց կու տայ, այստեղ պիտի բերեմ։ Դարձեալ՝ բարեպաշտ կին մը՝ Համասպրուհի անունով, Բաբկէն իշխանի դուստրը, նախ կʼընծայէ Հալիքի ձորահովիտի մէջ գտնուող մեծ այգին, ապա նաեւ Հալիք գիւղը՝ իր բոլոր սահմաններով։ Նաեւ հաստատուն կտակ կը գրէ՝ խիստ բանաձեւումներով, որ չհամարձակին խախտել։ Թէեւ այս բոլոր նուիրատուութիւնները կատարեցին, սակայն Ցուրաբերդի բնակիչները չկարողացան տեղահան ընել, քանի որ անոնք հին տեղաբնիկ սեփականատէրեր էին, բարբարոս ու պիղծ մարդիկ էին։

Այսպէս ալ վանքի  մօտ, անոր դիմաց գտնուող Տամալեկքը չկարողացան սեփականել, որովհետեւ անոր բնակիչները եւս նոյնպիսի մարդիկ էին։ Կար նաեւ Բերդ անունով աւազականոց մը՝ վանքի դիմաց, մեծ գետի այն կողմը, քարափի այն եզրին, որ Աւելադաշտ կը կոչեն, Ներքին Ուսակի մէջ, այն եւս չկարողացան ընկճել։

Անոնցմէ ոչ քիչ վնաս կը հասնէր միաբանութեան։ Թէեւ յետոյ, տարբեր ժամանակներու ընթացքին անոնք եւս սեփականեցին հայրապետները, սակայն հետագային, երբ հայրապետանոցը խանգարուեցաւ ու օճախը աւերուեցաւ, այս հոգեբաժին տրուած կալուածները բաժան-բաժան եղան. Իսկ երբ հակառակութիւնը վերացաւ, մէկ առ մէկ վերահաստատուեցան։»








All the contents on this site are copyrighted ©.