2017-05-26 09:51:00

Շիրակի մարզի երերոյքի տաճարը պիտի ներկայացուի UNESCO-ին


ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը նպատակ ունի UNESCO-ի նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցուցակին մէջ ներկայացնել Երերոյքի տաճարը:

Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, ըսած է ՀՀ մշակոյթի փոխնախարար Արեւ Սամուէլեան` տեղեկացնելով, որ ցանկութիւն կայ ներկայացնելու նաեւ Դուինը, որ նոյնպէս շատ կարեւոր արժէք է համաշխարհային նիւթական մշակոյթի ժառանգութեան մէջ ներառուելու համար: «Կ՝ուզենք UNESCO-ի համաշխարհային ժառանգութեան գոյք հանդիսացող Հաղպատի վանքի եւ Սանահինի վանական համալիրի յայտին մէջ աւելցնել նաեւ Սանահինի կամուրջը: Սակայն ատիկա երկար գործընթաց է եւ կրնայ տարիներ տեւել»,- նկատած է փոխնախարարը:

Խօսելով Երեւանի մէջ գտնուող իրանական Կապոյտ մզկիթին մասին` ան ըսած է, որ նախարարութիւնը քանի մը ամիս է՝ զայն UNESCO-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառելու հարցին շուրջ՝ կը բանակցի իրանական կողմին հետ, սակայն դեռ յստակ համաձայնութիւն չէ եղած: Դեռ անցեալ դարու 90-ական թուականներուն՝ հայկական եւ իրանական կողմերը կնքած են առեւտրատնտեսական եւ ճարտարագիտական համագործակցութեան համաձայնագիր, աւելի ուշ` փոխըմբռնման յուշագիր, որոնց հիման վրայ «Կապոյտ մզկիթ»-ը մինչեւ 1998 թուականը մասնակիօրէն վերականգնուած ու նորոգուած է եւ իբրեւ Իրանի մշակութային կեդրոն օգտագործման յանձնուելու ՀՀ-ի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանութեան:

Փոխնախարարը նաեւ անդրադարձած է UNESCO-ի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան: «Իւրաքանչիւր երկիր երկու տարին մէկ իրաւունք ունի յայտ ներկայացնելու UNESCO: Այս տարի UNESCO-ի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցուցակին մէջ «Քոչարին» ընդգրկելը մեր օրակարգին վրայ է»,- նշած է Սամուէլեան:

UNESCO-ի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ արդէն ներառուած են Հայաստանի ներկայացուցած չորս մշակութային արժէքներ` «Տուտուկն ու անոր երաժշտութիւնը», «Խաչքարի արուեստ. խորհուրդն ու խաչքարագործութիւնը», «Սասնայ ծռեր» կամ «Սասունցի Դաւիթ» էպոսը, «Լաւաշ. աւանդական հացի պատրաստումը, նշանակութիւնը եւ մշակութային դրսեւորումները Հայաստանի մէջ»:

Սամուէլեանի խօսքով` նիւթական եւ ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութիւնը, որ կը ներկայացուի UNESCO, պէտք է համապատասխանէ յատուկ չափանիշներու: «Գիտնականներ, տարբեր ոլորտներու մասնագէտներ կ՝աշխատին զանոնք ընտրելու պահուն: Ընդգծեմ, որ չափանիշները կը փոփոխուին»,- ըսած է ան:

Նշենք, որ Երերոյքի տաճարը Շիրակի մարզի Անիպեմզա գիւղի արեւելեան եզրին է` ոչ մեծ բարձունքի վրայ: Երերոյքը (Երերուաց) պատմական Շիրակ գաւառի գիւղերէն է, որուն անունով ալ յայտնի է տաճարը: X դ. արձանագրութեան համաձայն (վերծանումը` Ն. Մառի) կոչուած է Ս. Կարապետի վկայարան: Ուշ միջնադարուն դարձած է վանք-եկեղեցի` Ս. Երրորդութիւն անունով: Յուշարձանը ոչ միայն հայկական դասական ճարտարապետութեան, այլեւ քրիստոնէական վաղ շրջանի կառուցողական արուեստի նուաճումներէն է: Տաճարը V-VI դդ. եռանաւ բազիլիկ է` արտաքին կամարակապ սրահներով, եզերուած բազմաստիճան գետնախարիսխով: Կառուցուած է Անիի բաց նարնջագոյն տուֆով: Հիմնադրուած է աւելի կանուխ, իբրեւ հեթանոսական մեհեան: Ճարտարապետական յարդարանքը զուսպ ու նրբագեղ է: Քանդակները կատարուած են ոչ մեծ խորութեամբ: Գեղարուեստօրէն մշակուած են արեւմտեան` մէկ եւ հարաւային զոյգ շքամուտքերը, միակտուր բարաւորները, լուսամուտները, բեկուածքաւոր եւ ատամնաշար քիւերը, խոյակները, որմնամոյթերու խարիսխները: Պահպանուած են որմնանկարչութեան հետքեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.