2017-05-26 10:05:00

Հրանոյշ Յակոբեան վերանշանակուած Է ՀՀ Սփիւռքի նախարարի պաշտօնին


Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի մամուլի ծառայութենէն,  ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան մայիս 25-ին հրամանագիր մը ստորագրած է Հրանոյշ  Յակոբեանը ՀՀ  սփիւռքի նախարար  նշանակելու մասին:

 Նախագահի այլ հրամանագիրներով գնդապետ Արթուր Բաղդասարեան նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական ոստիկանութեան պետ` երեք տարուան ժամկէտով, Վաչէ Գաբրելեան Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային տնտեսական ինտէգրման եւ բարեփոխումներու նախարար, Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ, Սուրէն Կարայեան Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար,Էդուարդ Նալպանտեան Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար, Վիգէն Սարգսեան Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար, Իգնատի Առաքէլեան`Հայաստանի Հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան նախարար, Աշոտ Մանուկեան Հայաստանի Հանրապետութեան ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարար, Վահան Մարտիրոսեան` Հայաստանի Հանրապետութեան փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական արուեստաբանութիւններու նախարար, Դաւիթ Յարութիւնեան` Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարար, Վարդան Արամեան`  Հայաստանի Հանրապետութեան ֆինանսներու նախարար:








All the contents on this site are copyrighted ©.