2017-05-26 08:35:00

Բնապահպանումի հայող Կարդինալ Փարոլինի նամակը` Մեքսիքոյի նախագահին։


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին նամակ մը յղած է Մեքսիքոյի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Էնրիքէ Փենեա Նիեթոյի, քննարկելով բնապահպանումի խնդիրը, որուն մեծ անդրադարձ կատարուած էր 2015 թուականին, ուր նպատակադրուած էր շօշափելի արդիւնքներ ձեռք բերել մինչեւ 2030 թուականը։

Էնրիքէ Փենեա Նիեթօ նախագահն է «2017 Համաշխարհային Հարթակ»ի, որ կը քննարկէ բնապահպանման եւ բնական աղէտներու խնդիրները։

Ծիրանաւորը, նամակին մէջ անդրադարձած է դաստիարակութեան եւ կազմաւորումի գործունէութիւններու ուժեղացման, կանխարգիլելու համար մարդու ֆիզիկական եւ տնտեսական կորուստները, որոնց պատճառներն են բնական աղէտները։ Վերջիններս յառաջ կու գան մարդուն տնտեսելու անկարողութենէն՝ ուր նկատի չառնուիր առաջնահերթութիւններու ուղիղ կարգը - գրած է Կարդինալ Փարոլին նամակին մէջ, մանրամասնելով եւ բացայայտելով բնական աղէտներու խնդրին հայող զանազան երեւոյթներ։

Ան` առաջարկած է համաշխարհային մակարդակի վրայ ճիգ թափել՝ կերտելու վտանգներու նուազեցման մշակոյթ մը. աղքատութեան եւ կլիմայական փոփոխութեան դէմ պայքարի մշակոյթ մը՝ հիմնուած մարդկային արժանապատուութեան եւ մարդկային էակի կենդրոնական դիրքի ճանաչումին վրայ։

Երկրորդ կէտի մը մէջ, Կարդինալ Փարոլին­, յորդորած է յատուկ ուշադրութիւն դարձնել առաւել խոցելի ժողովուրդներուն։ Ամենէն աղքատները, բնական աղէտներու առաջին զոհերն են - ըսած է Ան ընգծելով թէ ''Այդ աղէտները կապակայունացնեն դիւրաբեկ ժողովուրդներու տնտեսութիւնը եւ ընկերութիւնը, եւ հարուած կը հասցնեն արդէն իսկ անկայուն կենսոլորտին''։

Վերջապէս, Կարդինալ Փարոլին նկատած է, թէ ամենէն խոցելի ժողովուրդները կարեւոր դեր մը կը խաղան աղէտներու կանխարգելման, հակազդեցութեան եւ վերակառուցման գործընթացին մէջ։ Ասոր համար, աղէտներու պարագային պէտք չէ երբեք թերագնահատել տեղական համայնքներու զօրաշարժի կարողականութիւնը ընգծած է Ծիրանաւորը հաստատելով թէ ''Այսպիսի պարագաներուն, կրօնական եւ մշակութային աւանդութիւնները հարստացում կը ներկայացնեն''։

Վատիկանի Պետական Քարտուղարը մատնանշած է  բնապահպանման հարցի շուրջ պատրաստուած թղթածրարներուն,դիտել տալով թէ անոնց իրականացումը կը պահանջէ մտայնութեան եւ կեանքի ոճի փոփոխում։

Նամակի աւարտին Կարդինալ Փարոլին փոխանցեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին մաղթանքները, որպէս զի «Համաշխարհային Հարթակ»ը ըլլայ պտղաբեր եւ առաջադիր նպատակներու իրականացումը ընթանայ զուգահեռ պատասխանատու եւ եղբայրական համագործակցութեան հետ՝ հիմնուած հասարակաց բարիքին վրայ։

Այս առումով, Ան հաւաստիացուց թէ` Սուրբ Աթոռը միշտ պատրաստ է մատուցանելու իր ներդրումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.