2017-05-26 10:11:00

Այս բաժակը մեծ նշանակութիւն ունի հայրենիքիս համար․ Մխիթարեան


Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ «Մանչեսթըր եունայթըտ»-ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան Եւրոպա լիկայի բաժակը նուաճելէ ետք ՈւԵՖԱ-ի պաշտօնական կայքին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ այս գաւաթը մեծ նշանակութիւն ունի իրեն համար:

«Շատ ուրախ եմ ոչ միայն յաղթանակի, այն նաեւ այն բանի համար, որ կրցայ կոլ խփել։ Ատիկա մեծ նշանակութիւն ունի իմ եւ իմ հայրենիքիս համար»,- ըսած է ան:

Յիշեցնենք, որ եզրափակիչին  «Մանչեսթըր եունայթըտ»-ը 2:0 հաշիւով յաղթեց «Այաքս»-ին: «Մանկունեացիներու» կազմին մէջ երկրորդ կոլը հեղինակած է Հայաստանի հաւաքականի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.