2017-05-25 10:01:00

Շուշիի բնակչութիւնը տարիէ տարի կ՛աւելնայ


1992 թուականին մենք ժառանգեցին աւերուած, ռմբակոծուած, յօշոտուած Շուշի, եւ պատերազմի ծանր փորձութիւններով անցած Արցախի առջեւ խնդիր դրուած էր վերականգնել ու նոր շունչ տալ բերդաքաղաքին:

Այս մասին «Արցախփրես»-ի ըսած է Շուշիի քաղաքապետ Արծուիկ Սարգսեան նշելով, որ անցած 25 տարիներու ընթացքին այդ ուղղութեամբ մեծ աշխատանք կատարուած է:

Խօսելով քաղաքին մէջ հաստատուած բնակչութեան թիւին մասին` քաղաքապետը նշած է, որ այժմ Շուշիի մէջ կ՛ապրի աւելի քան 5000 մարդ. ուրախալին այն է, որ տարիէ տարի բնակչութեան թիւը կ՛աճի:

«Շատերը կը ցանկան հաստատուիլ Շուշի, սակայն 2008-էն բնակարաններ չունինք: Պարապ տուներ կան, որոնց տէրերը շատոնց է՝ քաղաքի մէջ չեն ապրիր եւ, հնարաւորութեան պարագային, կարելի է այդ տուները ձեռք բերել ու տրամադրել այն մարդոց, որոնք կ՛ապրին Շուշիի մէջ եւ բնակարաններու կարիք ունին»,- աւելցուցած է քաղաքապետը եւ ընդգծած, որ մեծ ուշադրութիւն կը դարձնեն եղած բնակումը պահպանուի։

«Անցեալ 4 տարիներու ընթացքին Շուշիի բարձրայարկ շէնքերու տանիքները հիմանականօրէն վերանորոգուած են: Կը նախատեսուի նաեւ բազմաբնակարան շէնքերու, մուտքերու, բակերու բարեկարգում, երեխաներու համար նոր խաղահրապարակներու կառուցում: Նիկոլ Դուման փողոցէն մինչեւ յայտնի «Ջդրդուզ» կոչուող հատուածը պետական ֆինանսաւորմամբ կ՛իրականացուին ասֆալտապատման աշխատանքներ»,- մանրամասնած է քաղաքապետը եւ աւելցուցած, որ Շուշիի մէջ նոր շէնքեր կառուցելու ժամանակ կ՛օգտագործուին միմիայն տեղական շինանիւթերը` պահպանելով Շուշիի ճարտարապետական հին տեսքն ու գոյնը:

Կատարուած եւ կատարուող աշխատանքները, ըստ քաղաքապետին, ամբողջովին պիտի փոխեն Շուշիի դիմագիծը` դարձնելով զայն ե՛ւ աւանդական, ե՛ւ ժամանակակից:








All the contents on this site are copyrighted ©.