2017-05-25 08:10:00

Հինգշաբթի 25 Մայիսին տօնն է Յիսուսի Համբարձման


(Ռատիօ Վատիկան)  Յիսուսի Համբարձումը։ Համբարձում կը նշանակէ «բարձրացում»: Համբարձումը Յիսուսի յարութիւն առած ու փառաւորուած մարմնով երկինք բարձրանալու եւ Հայր Աստուծոյ աջ կողմը նստելու յիշատակումին տօնն է:

Ս. Յարութեան տօնէն քառասուն օր յետոյ Հինգշաբթի օր մը, ինչպէս կը պատմէ մեզի Գործք Առաքելոցի հեղինակը, Ձիթենեաց լերան վրայ, մինչ շրջապատուած էր իր աշակերտներով, Յիսուս առաքեալներուն պատուէրներ ու յորդորներ տուաւ, օրհնեց բոլորը ու երկինք համբարձաւ և լուսաւոր ամպ մը եկաւ ծածկեց զայն անոնց տեսողութենէն: Մինչ աշակերտներ այլայլած երկինք կը նայէին, երկու հրեշտակներ առաքեալներուն յայտնեցին Քրիստոսի երկինք վերանալը և վերստին գալուստը: Այժմ այդ լեռը կը կոչուի Համբարձման լեռ:
Այս խորհրդական տօնը՝ Յիսուսի փառաւորեալ մարմնով երկինք բարձրանալուն ու իր Հօր՝ աջ կողմը նստելու յիշատակն է: Օրուան շարականը կը յիշատակէ Համբարձման դէպքը և կ'ակնարկէ նաեւ Ս. Հոգիի գալստեան: Համբարձման տօնը Զատիկի թուականին հետ 35 օրերու շարժականութեամբ, - Ապրիլ 30-էն մինչեւ Յունիս 3 - կը տեղափուխուի: Հակառակ որ Համբարձման տօնը Քրիստոսի աստուածութեան մեծագոյն ապացոյցներէն է, սակայն Եկեղեցին առաջին շրջանին՝ Համբարձումը առանձին չէ տօնած, այլ զայն միացուցած է Հոգեգալուստին հետ, երկու տօներուն միջեւ առնչութիւն տեսնելով, Յիսուսին երկինք համբառնալը և Ս. Հոգիին երկիր իջնելը նոյն արարքին երկու երեսները համարելով: Առանձին տօնուիլը ծագում առաւ Գ. դարուն՝ Արեւմտեան Եկեղեցիին մօտ, իսկ Արեւելեան Եկեղեցին նոյնը կատարեց Դ. դարուն, առանց նախատօնակի և առանց ութօրէքի: 








All the contents on this site are copyrighted ©.