2017-05-25 09:26:00

28 Մայիսին Զմմառու Տիրամօր Ուխտի օր եւ քահանայական ձեռնադրութիւն։


Կիրակի 28 մայիս 2017-ին, կը նշուի Զմմառու Վանքի Տիրամօր ուխտի օրը։

Զմմառու վանքը մեծ հանդիսաւորութեամբ կը տօնէ այս ուխտի օրը, քանի որ այս պատմական վանքը նուիրուած է Տիրամօր: Ծանօթ է բոլորին, թէ Զմմառու Տիրամայրը 268 տարիներուն ընթացքին ի՛նչպիսի հրաշքներ գործած է իրեն դիմող միաբան հայրերուն և ուխտաւորներուն: Զմմառու պատմական վանքը իր հիմնադրութեան օրէն (1749), Տիրամօր նուիրուած ուխտավայր մը եղած է, ուր ամէնազգի քրիստոնեայ հաւատացեալներ, ամէն տարի շարան շարան ուխտի կու գան: Այս Ուխտի Օրուան առթիւ` Եկեղեցին և բարեպաշտ ժողովուրդը յարգանքի տուրք, մեծարանքի արտայայտութիւն, սիրոյ հաւաստիք և խնկաբոյր աղօթքներ կ'ընծայեն Երկնքի Դշխոյին: Զմմառու Ուխտի Օրուան՝ 28 Մայիս 2017-ին, Ս. Աստուածածնայ նուիրուած սրբազան արարողութիւնները տեղի կ'ունենան Զմմառու Վանքին  երանելի Ւգնատիոս Մայլոյեան ամփիթատրոնին մէջ։

Զմմառու Ուխտի Օրուան առթիւ առաւօտեան ժամը 10:00-ին, նախատեսուած է  հանդիսաւոր թափօր, Սուրբ Աստուածածնայ արձանով մայրավանքի մայր մուտքէն,  որուն կը յաջորդէ Հայրապետական Ս. Պատարագ զոր կը գլխաւորէ Ամենապատիւ և Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր  Պետրոս Ի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարքը, որուն ընթացքին տեղի կ՛ունենայ նաեւ Զմմառու կղերի անդամ՝ Տիգրան Սարկաւագ Փիլիպպոսի քահանայական ձեռնադրութիւնը։  

Իսկ յետմիջօրէին՝ ժամը 3:30-ին, Ուխտի օրը կ՛ամփոփուի Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդակա  աղօթքով:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.