2017-05-25 10:07:00

ՏԱՀԵՇ հարաւային Ֆիլիփինի մէջ կը յայտարարէ իր առաջին Էմիրութեան ստեղծումը


ՏԱՀԵՇ ֆիլիփինեան բանակին հետ բուռն բախումներէ ետք գրաւեց Ֆիլիփեան կղզիներու հարաւարեւմտեան Մարաուի քաղաքը եւ յայտարարեց երկրին մէջ իր առաջին էմիրութեան ստեղծումը:

ՏԱՀԵՇ քաղաքը գրաւեց հոն գտնուող իր բջիջներուն անակնկալ յարձակումէն ետք, որմէ ետք այլ խմբաւորումներ քաղաքին մերձակայ շրջաններէն մուտք գործեցին քաղաք եւ գրաւեցին զինուորական կեդրոններն ու այդտեղ գտնուող մեքենաները:

ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները նաեւ ներխուժեցին քաղաքի բանտը եւ բանտարկեալները ազատ արձակելէ ետք հրկիզեցին զայն:

Փորձագէտներու կարծիքով` Իրաքի մէջ անոր գոյութեան վերջ տրուելէն եւ Սուրիոյ մէջ անոր գոյութեան վերջ տալու պատրաստութիւններէն ետք, ահաբեկչական խմբաւորումը կրնայ դիմել Ծայրագոյն Արեւելքի կամ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ իր նոր պետութեան ստեղծման:

Նշենք, որ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, թէ Ֆիլիփեան կղզիներու նախագահ Ռոտրիկէ Տութերթէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնած է. «Մենք որոշ պատուէրներ կատարած ենք Միացեալ Նահանգներէն, սակայն հիմա կացութիւնը այնքան ալ հանգիստ չէ: ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուելու համար մեզի պէտք է ժամանակակից զէնք: Ես եկած եմ ձեր օգնութիւնը խնդրելու»








All the contents on this site are copyrighted ©.