2017-05-24 11:11:00

Նախագահ Տոնալտ Թրամփ Վատիկանի մէջ հանդիպեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին։


(Ռատիօ Վատիկան) Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տիար Տոնալտ Թրամփ պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց Վատիկան ուր առաւօտեան 8,30-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անոր շնորհեց յատուկ ունկնդրութիւն մը, որուն աւարտին ԱՄՆ-ի նախագահը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փարոլինի հետ որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։

Սոյն հանդիպումը Նախագահ Թրամփի առաջին պետական այցն է Վատիկան, որմէ ետք Ան հանդիպեցաւ նաեւ Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ` Մաթթարելլայի հետ ապա Իտալիոյ վարչապետ` Ճենթիլոնիի հետ, հուսկ կը մեկնի Պրիւքսել։

Նախագահ Թարմփին կ՛ընկերանայ մեծաթիւ պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն նախագահին տիկինը` Մելանիան ու դուստրը Իվանքան։ Առաջինը այցելութիւն  կատարեց ''Մանուկ Յիսուս'' մանկաբուժարանին­, մինչ Իվանքա Թրամփը Սան Էճիտիոյ հասարակութեան մօտ հանդիպում ունեցաւ թշուառութեան մէջ ապրող կիներու հետ։

Նախագահ Թրամփի այցելութեան առթիւ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց թէ '' սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին, գոհունակութիւն արտայայտուեցաւ Սուրբ Աթոռի ու Միացեալ Նահանգներու միջեւ կայացած երկկողմանի բարի յարաբերութիւններուն համար, ինչպէս նաեւ ընդգծուեցաւ միասնական յանձնառումը` կեանքի, կրօնական ու մտքի ազատութեան ի խնդիր։

Մաղթանք յայտնուեցաւ Պետութեան ու ԱՄՆ-ի կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեւ համերաշխ համագործակցութեան ի սպաս, յատկապէս Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ծառայական առաքելութեան ծիրէն ներս հայող առողջապահութեան, դաստիարակչութեան ու գաղթականներու խնամակալութեան։

Զրոյցներու ընթացքին շեշտուեցան նաեւ միջազգային հանգամանք ունեցող ժամանակակից նիւթեր, ինչպէս նաեւ աշխարհի մէջ խաղաղութեան զարգացումը` քաղաքական բանակցութիւններու ու միջ կրօնական երկխօսութեան միջոցաւ­, ապա յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութեան ու Քրիստոնեայ հասարակութիւններու պաշտպանութեան։

Յայտենք թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նախագահ Թրամփին նուիրեց` 2017 տարուայ խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ իր պատգամը­, ու իր հրատարակած  շրջաբերականները, որոնցմէ մին կը հայի բնապահպանութեան (Գովեալ Ըլլաս)։

Նշենք ապա թէ Թրամփին Հռոմ ներկայութեան առթիւ աւելի քան 1000 իտալացի ոստիկաններ ամերիկայի ''CIA'' Կենտրոնական հետախուզութեան կազմակերպութեան համագործակցութեամբ կը հսկեն քաղաքի վրայ։

Թրամփ Վատիկան ժամանեց 8,20 անց ու դիմաւորուեցաւ Զուիցերական պահակագունդի զինուորական պատուոյ արարողութեամբ­, ապա բարձրացաւ Քահանայապետական գրասենեակ ուր տեղի ունեցաւ դռնփակ առանձնական հանդիպումը` Թրամփի ու Քահանայապետի միջեւ­ որուն աւարտին Նորին Սրբութիւնը հանդիպեցաւ նաեւ Նախագահին ընկերացող պատուիրակութեան անդամներուն հետ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.