2017-05-24 09:37:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Փոս փորողի տեղը…

Ճամբաներու, շէնքերու, նոյնիսկ ամէնէն փոքր շինութեան համար փոսեր կը բացուին նախ, ապագայ կառոյցին հիմքը այնտեղ զետեղելու, որպէսզի ամուր ըլլայ անոր վրայ կանգնող որեւէ նոր շինութիւն: Ճարտարապետներու համար այս փոսերուն խորութիւնը, լայնութիւնը, հողին ամրութիւնը, տեսակը եւ այլ մանրամասնութիւններ շատ կարեւոր են:

Կեանքի ընթացքին կան նաեւ տխուր փոսեր, զորս ստիպողաբար կ՛անուանենք՝ «մահուան փոսեր», այսինքն գերեզմաններ: Այս պարագային ալ, կը տեսնենք որ մահացողներու հարազատներուն համար ինչքան կարեւոր են երբեմն գերեզմանին վայրը, հողին տեսակը, ներքին պատերուն ամրութիւնը, փոսին խորութիւնը, վրան փռուած մարգագետինն ու ցանուած ծաղիկները եւ այլ մանրամասնութիւններ: Մարդկային ընկերութեան կեանքին մէջ փոխյարաբերական դժուարութիւններուն արմատը նախանձն է, որուն պատճառով հակառակութիւններ ի յայտ կու գան: Մէկզմէկու յառաջդիմութիւնը կասեցնելու կամ միւսին ոյժը ջլատելու համար, մարդիկ ծրագիրներ կը մշակեն:

Բարոյագիտական լեզուով, նման հակառակութիւններու համար գործածուած ասոյթներէն են՝ «թակարդ լարելը» եւ «փոս փորելը»: Առաջինը թշնամին ողջ բռնելու իմաստը կը պարունակէ իր մէջ, իսկ երկրորդը՝ ուղղակի սպաննելու դիտումը ունի: Որովհետեւ խորունկ փոսին մէջ իյնալը ունի իր բազմաթիւ հետեւանքները: Թակարդը կրնայ խոր կամ թեթեւ վիրաւորել, բայց մահացու կրնայ չըլլալ: Սակայն անսպասելի մէկ վայրկեանին, խորունկ փորուած փոսին մէջ իյնալով, մարդ կրնայ մեռնիլ: Նոյնիսկ եթէ իյնալու պահուն մասնաւոր արկածի չհանդիպի ու ողջ մնայ, կրնայ այնտեղ երկար ժամանակ անյուսութեամբ սպասել անօգնական ու լքեալ, եւ անօթութեան ու ծարաւի պատճառով մահանալ:

Աշխարհը կառավարող բարոյական խիղճը միշտ կը գթայ բարիին, ազնիւին ու արդարին: Վերջինս նոյնիսկ երբ արկածի հանդիպի, այսինքն՝ անոր դէմ հակառակութիւններ ըլլան ու զայն ձախողեցնելու համար թակարդներ լարուին ու փոսեր փորուին, բարոյական խիղճը քաջալերելով ենթական, անոր կը յիշեցնէ այնքան սիրուած առածը, որ կ՛ըսէ. «Այն որ կը փորէ խորունկ փոսը, երեսին վրայ ինք կ՛իյնայ նոյն այդ փոսը»:

Աշխարհը կառավարող բարոյական խիղճը՝ Աստուած, գիտէ իր ընտրեալները պաշտպանել չարերէն ու վնասակար մարդոցմէ: Մէկը կրնայ ըսել, թէ անփորձանք փոսին մօտէն անցնողին պատճառով, անմեղ մարդ մը ինկաւ փոսին մէջ: Դիպուածներ եւ արկածներ չեն պակսիր մարդոց կեանքին մէջ: Միշտ պէտք է յիշել սակայն, վերը մէջբերուած իմաստուն առածը, ըստ որուն, փոս փորողը ուշ կամ կանուխ երեսի վրայ կ՛իյնայ իր փորած փոսին մէջ:

Այո՛, ճշմարիտ է այս, որովհետեւ փոս փորելու ունակութիւն ունեցողը, ամէ՛ն տեղ փոս կը փորէ: Ուստի, ինչքան ալ թարմ ու արթուն յիշողութիւն ունենայ, անպայման պիտի մոռնայ ան իր փորած փոսերուն տեղերը եւ ի վերջոյ պիտի իյնայ անոնցմէ մէկուն մէջ: Այսպիսի անձերուն յիմարութիւնը առաւել եւս շեշտելու համար, վերոնշեալ առածին կը միացուի նաեւ երկրորդը, որ կ՛ըսէ. «Էշը նոյն փոսին մէջ երկրորդ անգամ չ՛իյնար»: Այսինքն՝ այդ բարի եւ ծառայասէր անասունը կը ճանչնայ այն փոսը, որուն մէջ ինկեր էր անգամ մը: Իսկ փոս փորողը նոյնիսկ այդ անասունին չափ ալ խելք չունի, որովհետեւ իր միտքը միշտ չարիք հայթայթելով զբաղած է:

Իր փորած փոսին մէջ իյնալու մասին ըսուած վերոյիշեալ առածը, մխիթարական ըլլալէ աւելի քաջալերական է, որ կը թելադրէ համբերատար ըլլալ, մինչեւ արդարութեան յայտնուիլը:

Հակառակորդին փորած փոսին մէջէն Աստուած կրնայ ազատել անմեղը, ինչքան ալ խորունկ ըլլայ այդ փոսը: Փոս փորողը միայն մէկ հաշիւ կ՛ընէ. այն, որ իր զոհը անպայման իյնայ փորուած փոսին մէջ: Սակայն ան չի՛ մտածեր, թէ արդար մարդուն պաշտպանը Աստուած է, թէ Ան գիտէ չարին փորած փոսերուն տեղերը, եւ թէ Աստուած ունի աներեւոյթ հրաշագործ պարան, որով կրնայ անմեղը դուրս բերել հակառակորդին փորած անտակ փոսէն…։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.