2017-05-24 13:49:00

Կարդինալ Կուալթիերօ Պասսեթթին նշանակուեցաւ Ւտալիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 24 մայիս 2017-ին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին  մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագի աւարտին, Ւտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի երբեմնի նախագահ Կարդինալ Անճելօ Պանիասքօ յայտարարեց  թէ Ֆրանչիսկսո Պապ  Ւտալական Եպիսկոպոսց համահաւաք դասի որպէս նոր նախագահ անուանած է` Կարդինալ Կուալթիերօ Պասսեթթին՝ Բերուճիա, Չիթա Տելլա Փիեւէ թեմին արքեպիսկոպոսը։

Վատիկանի Պօղոս Զ դահլիճին մուտքին լրագրողներու հետ ունեցած ելոյթին ընթացքին , Ւտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նորանշանակ նախագահը արտայայտուելով իր ընտրութեան  մասին  ըսաւ. ՝՝Ւմ առաջին մտածումս կ՝երթայ ֆրանիչկսոս Պապին, անոր ցուցաբերած քաջութեան համար,  իմ կեանքիս մայրամուտին ինծի յանձնելով այս մեծ պատասխանատուութիւնը ։ Ւսկապէս նշան մըն է , որ Ան կը հաւատայ երէցներու երազելու կարողութեան>> ըսաւ Կարդինալ Պասսեթթին  որ ապա մատնանշեց  Ֆրանչիսկոս Պապին եպիսկոպպսաց դասի եպիսկոպոսներուն յանձնառութիւններուն ''ժամանակը, ունկնդրութիւնը, ստեղծագործութիւնն ու սփոփանք, իրար միջեւ բաժնեկցելու''   ու հաստատեց թէ այս է որ պիտի փորձենք միասնաբար կատարել։

՝՝Սրբազան հայրը յանձնարարած է ապրիլ հաւաքականութիւնը,  եւ միասնաբար ընթանալ ։  ըսաւ Կարդինալ Պասսեթթի աւելցնելով թէ այս է հաշուէկշիռը որ թոյլ կու տայ իրականութիւնը մեկնաբանելու Աստուծոյ աչքերով ու սրտով։ 

Նշենք թէ Կարդինալ Կուալթիերօ Պասսեթթի ծնած է` 7 ապրիլ 1942-ին, Ֆիրենցէ քաղաքի արուարձանները գտնուող Մարրատի գիւղաքաղաքին մէջ։

Ան քահանայական կազմաւորումը ստացած է Ֆիրենցէի թեմին մէջ, ուր քահանայ ձեռնադրուած է 29 յունիս 1996-ին, ձեռամբ կարդինալ Էրմենճելիտօ Ֆլորիթիիի ։

Սան Սալվի ժողովրդապետութեան մէջ փոխ ժողովրդապետի պաշտօնը վարելէ ետք, 1968-ին ծառայած է թեմին փոքր նորընծայարանի մէջ, որպէս պատասխանատու կոչումի հովուական խնամակալութեան ։  

1990-ին, նշանակուած է Ֆիրենցէ թեմի  ժամանակաւոր տեղակալ ապա 1992-ին նոյն թեմին ընդհանուր տեղակալ

9 յուլիս  1994-ին , հայր Պասսեթթին,  եպիսկոպոս կը նշանակուի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին կողմէ՝ Մասսա Մարիթթիմա –Փիոմեինօ թեմին։

16 յուլիս 2009-ին, Պենտետիկոտ ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետ գերապայծառ Պասսթեթիին կը նշանակէ Փերուճիա- Չիթթա Փիեւէ  թեմին արքեպիսկոպոս ։

16 դեկտեմբեր 2013-ին,  Ֆրանչիսկոս Պապ Արքեպիսկոպոս Պասսեթին կը կանչէ մաս կազմելու եպիսկոպոսներու ժողովին, ապս 12 յունուար 2014-ին անոր կը շնորհէ կարդինալի տիտղոսը

2012 հոկտեմբեր ամիսէն սկսեալ, Կարդինալ Պասեթթին կը վարէ Ումպրիա մարզի եպիսկոպոսաց  համահաւաք դասի նախագահի պաշտօնը։  Ան անդամ է նաեւ Եպիսկոպոսաց եւ կղերի ժողովներուն ինչպէս նաեւ քրիստոնեաներուն միութեան զարգացման քահանայապետական խորհուրդին։  








All the contents on this site are copyrighted ©.