2017-05-24 09:28:00

Թիֆլիսահայ հաւատացեալներու ուխտագնացութիւն Հայաստանի սրբավայրեր


Վիրահայոց թեմի երիտասարդական բաժինին նախաձեռնւթեամբ եւ թեմի առաջնորդարանին աջակցութեամբ՝ Մայիս 20-ին կազմակերպուեցաւ թիֆլիսահայ հաւատացեալներու մէկօրեայ ուխտագնացութիւն Հայաստանի սրբավայրեր՝ Հաղարծին եւ Գոշավանք: Այս մասին կը հաղորդէ Akhaltskha.net-ը։

Վիրահայոց թեմի առաջնորդին օրհնութեամբ եւ բարեմաղթութեամբ, թիֆլիսահայ շուրջ 90 ուխտաւորներ, եկեղեցւոյ լուսարարապետ արժանապատիւ Տէր Մանուկ քահանայ Զէյնալեանի եւ բարեխնամ Գէորգ սարկաւագ Անտոնեանի առաջնորդութեամբ ու Վիրահայոց թեմի երիտասարդական բաժինի տնօրէն Վալերի Պատալեանի եւ ծրագիրներու համակարգող Նինա Սերոբովայի գլխաւորութեամբ՝ Հաւլաբարի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցիէն, հանրակառքերով ուխտագնացութեան մեկնեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի մարզի սրբավայրեր: Չնայած յորդառատ անձրեւին եւ ցուրտ եղանակին, ուխտաւորներուն տրամադրութիւնը բարձր էր եւ ուխտի ճանապարհին ու հոգեւոր արարողութիւններուն պատրաստակամ: Ուխտաւորներու առաջին կանգառը 10-րդ դարու կառոյց Հաղարծին վանքային համալիրն էր, որ 13-րդ դարուն եղած է նաեւ ուսումնագիտական կեդրոն:








All the contents on this site are copyrighted ©.