2017-05-23 14:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցական հեռագիրը Մանչեսթըրի մէջ կայացած ահաբեկչական արարքին ի լուր


(Ռատիօ Վատիկան) Մանչեսթըրի մէջ տեղի ունեցող ահաբեկչական արարքին ի լուր, որ պատճառեց  22 մեռեալներ եւ անթիւ վիրաւորներ,  երեքշաբթի, 23 մայիս 2017-ին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթռօ Փարոլին, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցական հեռագիր մը յղեց, որուն մէջ յայտնեց Ֆրանիչսկոս Պապի խորին  ցաւը ի տես ՝՝Մանչեսթըրի բարբարոսական արարքին՝՝ եւ որ  պատճառած է մարդկային  կորուստներ ։ 

Կարդինալ Փարոլին ապա յայտնեց թէ Քահանայապետը զօրակցութիւն կը ցուցաբերէ բոլոր անոնց` որոնք թիրախ դարձան այդ  ՝՝անիմաստ բռնութեան՝՝ ու կը գնահատէ շտապ օգնութիւն ու ապահովութիւն մատակարարող բոլոր անձնակազմի  ջանքերը եւ կը վստահեցնէ իր աղօթքը, վիրաւորներուն եւ մեռելներուն համար։  

՝՝Ֆրանչիսկիոս Պապ յատուկէն կը վերյիշէ ՝՝ահաբեկչական գործողութեան թիրախ երիտասարդներն ու մանուկները ու անոնց հարազատները՝՝, Հայցելով  Աստուածային օրհնութիւնները` համայն երկրին շնորհելու խաղաղութիւն, ապաքինում եւ ուժ։








All the contents on this site are copyrighted ©.