2017-05-23 09:16:00

Ֆրանչիսկոս Պապ բացումը կատարեց Իտալացի եպիսկոպոսներու ընդհանուր ընտրական ժողովին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 22 մայիս 2017-ի յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Սիւնհոդոսական դահլիճին մէջ նախագահեց Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի ընդհանուր ժողովի բացման նիստը­, ու այդ առթիւ ներկայացուցած խօսքին մէջ հրաւիրեց  եպիսկոպոսները ''միասին քալել''։

Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասը այս իր 70-րդ ընդհանուր հաւաքին առթիւ, որուն ընթացքին կը քննարկուին երիտասարդներու, աշխատանքի եւ աւետարանութեան հայող նիւթեր, կ՛ընտրէ նաեւ Համահաւաք դասի հրաժարեալ նախագահ` Կարդինալ Պանիասքոյի յաջորդը։

Նորին Սրբութիւնը յստակօրէն բացայայտեց թէ ինք կը փափաքի անկեղծ երկխօսութիւն ունենալ եպիսկոպոսներուն հետ, ապա յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց կարդինալ Պանիասքոյին, անոր10 տարուայ  ծառայութեան համար որպէս համահաւաք դասի նախագահ, ''Դիւրին չէ այս քահանայապետին հետ աշխատիլ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ինք շատ համբերութիւն ունեցաւ հետս, ասոր համար շնորհակալ եմ'' հաստատեց Ան ապա մատնանշեց Կարդինալ Պանիասքոյի հետ ունեցած բարեկամական կապին ու յառաջիկայ շաբաթ օր` Կարդինալ Պանիսաքոյի ղեկավարած թեմին` Ճենովա կատարելիք հովուական այցելութեան։

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ հրաւիրեց եպիսկոպոսները անկեղծօրէն արտայայտելու իրենց մտքերը, նոյնիսկ, ըսաւ ան, եթէ անոնք ինծի հաճելի չեն, սակայն խնդրեմ այդ ըրէք ամենայն ազատութեամբ։

Մինչ  ներկաներուն եւ լրագրողներուն յանձնած գրաւոր ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը  մաղթեց որ ''այս օրերը յատկանշուին բաց, խոնարհ ու անկեղծ երկխօսութեամբ''։

''Մի վախնաք հակադրութեան պահերէն, վստահեցէք Սուրբ Հոգւոյն'' յորդորեց Սրբազան Պապը  զգուշացնելով  ''փակումներէն'' ու ''դիմադրութիւններէն'' որոնք յառաջ կու գան մեր ''անհաւատարմութիւններէն'' դիտել տուաւ Նորին Սրբութիւնը եպիսկոպոսներէն խնդրելով որ աղօթեն իրենց համար` որ կանչուած է ըլլալու հաւատքի ու համայն եկեղեցւոյ միութեան պահապանը,  վկան ու երաշխաւորը։








All the contents on this site are copyrighted ©.