2017-05-22 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 21 եւ 22 մայիսի թուիթները


(Ռատիօ Վատիկան) ''Մարիամ մեզի կը սորվեցնէ յուսալ Աստուծոյ` նոյնիսկ երբ ամէն ինչ անիմաստ կը թուի, նոյնիսկ երբ Ան պահուըտած կը թուի'' այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, կիրակի` 21 մայիս 2017-ին հրապարակած թուիթին պարունակութիւնը­, որուն մէջ ան շեշտը դրաւ Սուրբ Կոյս Մարիամի` Աստուծոյ կամքին նկատմամբ անվերապահ վստահութեան վրայ­, իսկ երկուշաբթի 22 մայիսին հրապարակած թուիթին մէջ Նորին Սրբութիւնը հաստատեց. ''Կանչուած ենք ապրելու ոչ թէ մէկը առանց միւսներուն, աւելի վեր, կամ հակառակ ուրիշներուն, այլ մէկը միւսին հետ միասին, ուրիշներու համար եւ ուրիշներու մէջ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.