2017-05-22 13:42:00

''Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Իռլանդայի Նախագահին''. Հաղորդագրութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշեց թէ այսօր ` 22 մայիս 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ Իռլանդայի Նախագահ` Տիար Միքայէլ Հիկկինսի հետ որ ապա հանդիպեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի­ն, որուն կ՛ընկերանար պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը` գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։

Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին ընդգծուեցան Սուրբ Աթոռն ու Իռլանդան իրարու միացնող կառուցողական յարաբերութիւնները  ու համագործակցութիւնը։ Մատնանշուեցան ապա երկու կողմերը հետաքրքրող հարցեր, ինչպէս մարդու արժանապատուութեան ու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը` կեանքի որեւէ հանգրուանի ու պայմանի մէջ, գաղթականութեան երեւոյթը ու ապաստանեալներու հիւրընկալութիւնը, կայուն զարգացումը եւ կենսոլորտի պահպանումը։

Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ ընտանիքներու ու երիտասարդներու մասին։ Ապա շեշտը դրուեցաւ բարոյական չափանիշերու կարեւորութեան վրայ դիմագրաւելու համար համաշխարհայնացումի մարտահրաւէրները, յատկապէս տնտեսական գետնի վրայ։

Ի վերջոյ տեղի ունեցաւ գաղափառներու փոխանակում Եւրոպայի ապագայի հեռանկարներու մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.