2017-05-22 08:49:00

Սարկաւագ Միշել Ժանժէի յիշատակին հոգեհանգստեան Սուրբ պատարագ Վատիկանի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 21 Մայիս 2017-ին Վատիկանի պարտէզներուն մէջ գտնուող Լեւոն ԺԳ անուան պալատի Ռատիովատիկանի մատրան մէջհոգեհանգստեան  հայածէս Սուրբ պատարագ մատուցուեցաւ ի յիշատակ Սարկաւագ Միշել Ժանժէի, Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի երբեմնի տնօրէն, Հռոմի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ աշխուժ գործիչ ու Հռոմի Հայ գաղութի խորհուրդի երբեմնի նախագահ, անոր մահուան առաջին տարելիցին առիթով (28 մայիս 2016)։

Սրբազան արարողութիւնը նախագահեց Լեւոնեան Քահանայապետական վարժարանի մեծաւոր` Գերյ Նարեկ Ծայրագոյն Վարդապետ Նաամոյեան։ 

Միշել Ժանժէյ ծնած էր 13 Յուլիս 1945-ին Հալէպի մէջ ուր անցուցած է նաեւ իր մանկութիւնը։ Երիտասարդ հասակին անոր ծնողքը ու ժողովրդապետը զինք կ՛ուղարկեն Լիբանան ուր կը յաճախէ Զմմառու նորընծայարանը։ 18 տարեկանին կը ղրկուի Հռոմի Լեւոնեան Վարժարան ուր ամբողջացնելէ ետք Փիլիսոփայական եւ Աստուածաբանական ուսումները կը վերադառնայ իր ծննդավայրը` Հալէպ, ուր կը նուիրուի եկեղեցւոյ ծառայութեան ու միեւնոյն ժամանակ կ՛ընտրէ ամուսնական կեանքը եւ կը պսակուի Սոնա Նիւրբեթլեանին հետ որուն հետ ապա կը փոխադրուի Ֆրանսա` Լիոն Քաղաք ուր ամոլը կը հաստատուի եւ ուր կը ծնին անոնց երկու դուստրերը Քրիստին եւ Միշել։

Ութսունական թուականներուն, այդ ժամանակուայ Հռոմի Լեւոնեան Վարժարանի մեծաւոր` Հայր Գէորգ Վրդ Զապարեան, Տիար Միշել Ժանժէէն կը խնդրէ Հռոմ փոխադրուիլ ու իրեն աջակցիլ, Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի գործունէութիւնը յառաջ տանելու նպատակով։

1991-ին Միշել Ժանժէն կը յաջորդէ Հայր Գէորգ Զապարեանին` Ռատիովատիկանի Հայկական բաժնի տնօրէնութեան պաշտօնին վրայ, ու այդ պաշտօնը կը վառէ մինչեւ 2011 թուական։ Միեւնոյն ատեն կը նուիրուի Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ու Հռոմի Հայ Համայնքի ծառայութեան։

Սարկաւագ Միշել Ժանժէյ, որ սարկաւագական կարգը ընդունած է 16 յունուար 1994-ին, բոլորէն ճանչցուած էր որպէս  բազմակողմանի գիտութեամբ և ձիրքերով օժտուած անձ, օրինակելի եւ համեստ, խոնարհ և պատրաստակամ նուիրումով ու մանաւանդ անձնազոհ ծառայութեամբ Եկեղեցւոյ ու Համայնքին:

Աւարտելէ ետք Ռատիովատիկանի հայական բաժնի  տնօրէնի պաշտօնը, Ան թէեւ թոշակի ելած էր, կը շարունակէր թիկունք կանգնիլ Ռատիովատիկանի անձնակազմին ու սատարել անոր գործունէութեան։

Սարկաւագ Միշել Ժանժէյի մահուընէ մէկ տարի ետք բոլոր անոնք որոնք մօտէն ճանչցան զինք կը շարունակեն վկայել թէ անոր կարգախօսը եղած էր ծառայել եւ ուրախ դարձնել ուրիշները եւ այդ յիշատակով է որ ան տակաւին կ՛ապրի շատերու միտքերուն ու սրտերուն մէջ։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։








All the contents on this site are copyrighted ©.