2017-05-22 08:20:00

Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիին։


Շաբաթ, 20 մայիսին նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիին` Իրանի նախագահի ընտրութեան տարած յաղթանակին առիթով:

«Վստահ եմ, որ ձեր հետագայ պաշտօնավարման ընթացքին բարեկամ եւ դրացի Իրանը պիտի շարունակէ իր վերընթաց զարգացման ուղին` կարեւոր եւ նշանակալի ներդրում ունենալով շրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման գործին մէջ:

«Լիայոյս եմ, որ մեր միացեալ ջանքերուն շնորհիւ հայ-իրանական աւանդական ջերմ եւ բարեկամական յարաբերութիւնները պիտի շարունակեն զարգանալ եւ ամրապնդուիլ բոլոր մարզերուն մէջ` արձանագրելով մեր ժողովուրդներուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան որակական նոր մակարդակ:

«Ձեզի կը մաղթեմ քաջառողջութիւն, նորանոր յաջողութիւններ ձեր նախաձեռնութիւններուն մէջ, իսկ Իրանի բարեկամ ժողովուրդին` յարատեւ խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն», ըսուած է հանրապետութեան նախագահի շնորհաւորական ուղերձին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.