2017-05-22 14:39:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը ''Բարեպաշտ Աշակերտներու'' միաբանութեան անդամներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) «Աստուածային Վարդապետի Բարեպաշտ Աշակերտներու» միաբանութիւնը, տարւոյս Ապրիլ 10էն մինչեւ Մայիս 28, Հռոմի մէջ կը գումարէ ընդհանրական 9րդ ժողովը։

Մայիս 10ին միաբանութիւնը ընտրած է նոր ընդհանրական մեծաւորուհին յանձին Քոյր Միքայէլա Մոնեթթիի, որ պիտի պաշտօնավարէ 2017-2023 թուականներուն։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Երկուշաբթի Մայիս 22ի առաւօտեան ունկնդրութիւն շնորհեց յիշեալ միաբանութեան անդամներուն։

Իր խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը կենդրոնացաւ քանի մը կէտերու վրայ, որոնք անհրաժեշտ կը նկատէ կրօնաւորական կեանքի նուիրեալներուն համար։

Նկատի առնելով, որ միաբանութեան անդամները կու գան զանազան երկիրներէ եւ մշակոյթներէ, Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց, որ յարգեն յոգնակիութիւնն ու բազմազանութիւնը, եւ ցուցաբերեն միասնութեան հոգին։

Համերաշխութեան եւ հաղորդակցութեան հոգին, նկատեց ան, պտղաբեր պիտի դարձնէ միաբաններու նուիրումն ու գործունէութիւնը։ Ան ապա շեշտեց, թէ ընդհանրական ժողովը առիթ մըն է ունկնդրելու Տիրոջ, որ մեզի կը խօսի ժամանակի զանազան նշաններով. առիթ մըն է նորոգելու հլու կեցուածքը Սուրբ Հոգիին հանդէպ։

Ֆրանչիսկոս Պապ անհրաժեշտ նկատեց, որ միաբանութեան անդամները, իբր նուիրեալներ, ըլլան «ուրախութեան մարգարէներ», ժողովուրդին փոխանցեն այն ուրախութիւնը, որ ստացած են իրենց կոչումով։

«Ձեզ կը քաջալերեմ, որ ըլլաք նաեւ յոյսի մարգարէներ, հիմնուած Անոր վրայ որուն ոչ մի բան անկարելի է»  յարեց Սրբազան Հայրը խրախուսելով միաբանութեան անդամները երբեք չվհատելու ու միշտ ապրելու ժպիտով, ուրախութեամբ եւ յոյսով։

Նորին Սրբութիւնը խօսքը եզրափակեց հայցելով Աստուածամօր հովանին ու Տիրոջ օրհնութիւնները որպէսզի անոնց պարգեւէ խաղաղութիւն եւ ողորմութիւն։   








All the contents on this site are copyrighted ©.