22 մայիսին կը յիշատակուի անկարելի բաներու սրբուհիին՝ Սրբուհի Ռիթային ծիսական տօնը։
ԱՂՕԹՔ ՍՐԲՈՒՀԻ ՌԻԹԱՅԻՆ
Ո՜վ սրբուհի Ռիթա, դուն որ այնքան կաթոգին սրտով փափաքեցար Աստուծոյ փառքը և մեղաւորին դարձը.
Դուն որ այնքան ողորմութեան և ապաշխարութեան գործեր ըրիր, մեղաւորներու դարձին համար, նայուածքդ իմ վրաս ալ ուղղէ և ընդունէ ինծի համար զղջումիս հետ նաեւ անկեղծ խոստովանանք մը:
Այս շնորհքը բոլոր սրտովս կը խնդրեմ. Նոյնը յաջողցուր աշխարհի բոլոր մեղաւորներուն համար, մանաւանդ անոնց՝ որոնք ես գայթակղեցուցի. և առաջնորդէ զիրենք առաքինութեան ուղին:
Այնպէս ըրէ որ ամէնքը ըմբռնեն աստուածային գթութեան ճոխութիւնը:
Տուր որ չզեղծանինք քու բարութենէդ ու դարձեալ չիյնանք միեւնոյն մեղքերուն մէջ:
Տուր որ Յիսուսի քաղցր անունը, միակ ու ապահով գրաւականը փրկութեան, երբեք չնախատուի, այլ միշտ յիշուի յարգանքով և օրհնութեամբ:
Ո՜վ սրբուհի Ռիթա, աղօթէ՛ հիմա և մի՛շտ, խեղճ մեղաւորներուն համար, մանաւանդ անոնց որ պիտի մեռնին այսօր. Ամէն:
All the contents on this site are copyrighted ©. |