2017-05-21 09:54:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Հռոմի Թեմին մէկ ժողովրդապետութեան 15-րդ հովուական այցը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 21 մայիս 2017-ին՝ յետմիջօրէին ժամը 4,00-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛այցելէ Հռոմի ''Աչիլիա'' շրջանի մէջ գտնուող  “San Pier Damiani ai Monti di S. Paolo” ժողովրդապետութիւնը որ կը հանդիսանայ  Ֆրանչիսկոս Պապին Հռոմի թեմի ժողովրդապետութիւններուն շնորհած այցելութիւններուն 15-ը ու  երրորդ քահանայապետը  որ կ՝այցելէ Սան Տամիանօ ժողովրդապետութեան  հասարակութիւնը։ Առաջինը  եղած է Պօղոս Զ Պապը՝ 27 փետրուար 1972-ին, Սան Փիեր Տամիանոյի մահուան -9-րդ դարադարձին առիթով, մինչ՝  երկրորդ Պապը եղած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը՝ 13 մարտ 1988 ին։   

Նորին Սրբութիւնը Վատիկանէն կը մեկնի 15,15-ին ու Ժողովրդապետութիւն կը ժամանէ  15,45-ին ուր հանդիպումներ կ՛ունենայ ժողովրդապետութեան հասարակութեան հետ ու յատկապէս հիւանդներուն, ընտանիքներուն, 2017ին մկրտուած մանուկներուն ու անոնց ծնողաց հետ ինչպէս նաեւ Ժողովրդապետութեան հովուական խնամակալութեան գործիչներուն հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապ հովուական այցելութիւնը կ՛աւարտէ  Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ ապա վերադարձ կը կատարէ Վատիկան։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.