2017-05-21 12:58:00

Պապին կոչը Կեդրոնական Ափրիկէի համար ու հրաւէրը միանալու Չինաստանի կաթողիկէներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 21 Մայիս 2017-ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ կոչ ուղղեց Կեդրոնական Ափրիկէի հանրապետութեան ի նպաստ որ` ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, իմ սրտիս մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ։

''Զինուած բախումներ բազմաթիւ զոհեր  ու տեղահանութիւններ պատճառեցին ու կը սպառնան խաղաղութեան գործընթացին'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ իր մօտիկութիւնը յայտնելով եպիսկոպոսներուն ու բնակչութեան ու բոլոր անոնց որոնք կը գործեն ի սպաս մարդոց բարիքին ու խաղաղ համակեցութեան։

Կ՛աղօթեմ մեռեալներուն ու վիրաւորներուն համար եւ կը նորոգեմ իմ կոչս. Թող լռեն զէնքերը ու թող որ գերակայէ երկխօսութեան բարի կամք        ը որպէսզի երկրին պարգեւէ խաղաղութիւն ու զարգացում։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա հրաւիրեց,  յառաջիկայ 24 Մայիսին, Չինաստանի Շեշանի սրբավայրին մէջ մեծարուած ''Քրիստոնեաներու օգնութիւն'' Տիրամօր տօնին առթիւ, միանալու Չինաստանի կաթողիկէ հաւատացեալներուն­, ապա խօսքը ուղղելով Չինացի կաթողիկէներուն ըսաւ. ''Մեր Հայեացքը բարձրացնենք Մարիամին` մեր Մօր, որպէսզի մեզ օգնէ զատորոշելու Աստուծոյ կամքը, հայող Չինաստանի Եկեղեցւոյ, ու մեզի թիկունք կանգնի վեհանձնութեամբ ընկալելու Անոր սիրոյ ծրագիրը։ Մարիամ մեզ կը քաջալերէ­ մեր անձնական նպաստը տալու հաւատացեալներու միջեւ հաղորդութեան համար ու համայն հասարակութեան ներդաշնակութեան համար։ Չմոռնանք վկայել հաւատքը` աղօթքով եւ սիրով, միշտ բաց մնալով հանդիպումին ու երկխօսութեան։ Միշտ։'' Յարեց Սրբազան Քահանայապետը, ապա ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը համախմբուած զանազան վայրերէ ժամանած ուխտաւորներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.