2017-05-21 12:41:00

''Հարկաւոր է ամէն օր սորվիլ սիրել'' Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Պէտք ամէն օր սէր ցուցաբերենք մեր եղբայրներուն ու քորերուն'' այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին յորդորը ուղղուած Սուրբ Պետրոսի Հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն, կիրակի 21 մայիսի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի ընթացքին։

Մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը որ քաղուած էր Յովհաննէսի աւետարանէն ուր կը խօսուի Յիսուսի վերջին ընթրիքի մասին, Սրբազան Քահանայապետը  անդրադարձաւ Յիսուսի իր աշակերտներուն տուած խոստումի մասին, անոնց ուղարկելու Մխիթարիչը, Ճշմարտութեան Հոգին։ 

''Յիսուսի բառերուն մասին խոկալով մենք այսօր կը զգանք հաւատքի իմաստը` ըլլալու Աստուծոյ ժողովուրդ մը որ հաղորդութեան մէջ է Հօր ու Յիսուսին հետ Սուրբ Հոգւոյն միջոցաւ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով թէ այս հաղորդութեան խորհուրդին մէջ Եկեղեցին կը գտնէ իր առաքելութեան  անսպառ աղբիւրը, որ կ՛իրականանայ սիրոյ միջոցաւ։

Յիսուս արդարեւ կ՛ըսէ ''ով որ ունի իմ պատուիրաններս եւ կը պահէ զանոնք, ան է որ կը սիրէ զիս։ ով որ զիս կը սիրէ պիտի սիրուի Հօրմէս,  ես ալ պիտի սիրեմ զինք եւ ինքզինքս պիտի յայտնեմ անոր''։

''Սէրն է որ մեզ կ՛առաջնորդէ ճանչնալու Յիսուսը, շնորհիւ Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեան։ Աստուծոյ ու մերձաւորին սէրը Աւետարանի ամենամեծ պատուիրանն է ու Տէրը մեզ կը կոչէ վեհանձն կերպով համապատասխանելու սիրոյ աւետարանական կոչին, զԱստուած ընտրելով մեր կեանքի կեդրոն ու նուիրուելով մեր եղբայրներու ծառայութեան, յատկապէս անոնց որոնց աւելիով կարիքը ունին մեր թիկունքին ու մխիթարութեան'' – ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայատները­, խրախուսելով Քրիստոնեայ հասարակութիւնները իրար զիրար սիրելու Տիրոջ օրինակով­, հակառակ սատանայի փորձութիւններուն։ ''Ամէն օր պէտք է դարձեալ վերսկսիլ, ամէն օր հարկաւոր է  սէր ցուցաբերել մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն որոնց կը հանդիպինք, ամէն օր սորվելու ենք սիրոյ արհեստը, դաստիարակուելով Քրիստոսի դպրոցին մէջ­, Սուրբ Հոգիի առաջնորդութեամբ'' յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու խորհրդածութինը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզ օգնէ ըլլալու միշտ ընդունակ ու հպատակ Ճշմարտութեան Հոգիին որպէսզի ամէն օր սորվինք սիրել Յիսուսը որ մեզ սիրեց անհուն կերպով։








All the contents on this site are copyrighted ©.