2017-05-20 08:14:00

Իրանի մէջ նախագահական ընտրութիւնը աւարտեցաւ կէս գիշերին


Իրանի մէջ երէկ տեղի ունեցան 12-րդ նախագահի եւ քաղաքապետական խորհուրդներու ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի մասնակի ընտրութիւններ:

Քուէարկութեան կեդրոններու բացումէն ետք, առաջին քուէարկողներէն եղաւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէի, որ յայտնեց. «Նախագահական ընտրութիւնը շատ կարեւոր է, եւ ժողովուրդը պէտք է ատով հետաքրքրուի»: Ան ժողովուրդին կոչ ուղղեց ընտրութեան մեծաթիւ մասնակցութիւն ունենալու:

Գործող նախագահ Հասան Ռուհանի հիւսիսային Թեհրանի մէջ քուէարկելէ ետք յայտնեց. «Իրականութեան մէջ ժողովուրդը այսօր կը գործադրէ իր կարեւոր իրաւունքներէն մէկը` ապագայի ճակատագիրի ճշդումը»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ, իր կարգին Իրան թէ արտասահման գտնուող իրանցի քուէարկողներուն կոչ ուղղեց` «հոյակապ եւ հպարտ Իրանի կառուցումը շարունակելու համար» մեծ թիւերով մասնակցելու նախագահական ընտրութեան:

Ռուհանիի գլխաւոր մրցակիցներէն Իպրահիմ Ռայիսի հարաւային Թեհրանի մէջ քուէարկելէ ետք ըսաւ. «Բոլորը պէտք է քուէարկեն եւ ընդունին ընտրութեան արդիւնքը»:

Նշենք, որ Իրանի նախագահի պաշտօնին թեկնածու ներկայացած էին չորս անձեր` գործող նախագահ Հասան Ռուհանի, Իպրահիմ Ռայիսի, Մուսթաֆա Հաշիմի Թապա, Մուսթաֆա Միր Սալիմ:

Իրանի մէջ նախագահական ընտրութիւնը քուէարկողներու մեծաթիւ մասնակցութեան պատճառով քանի մը անգամ երկարաձգուելով աւարտեցաւ տեղական ժամանակացոյցով կէս գիշերին: Արդարեւ, քուէարկողներուն թիւը անցաւ 42 միլիոնը, իսկ մասնակցութեան համեմատութիւնն էր 75 առ հարիւր:








All the contents on this site are copyrighted ©.