2017-05-19 12:43:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Վարդապետութիւնը կը միացնէ, գաղափարախօսութիւնը կը բաժնէ''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Իսկական վարդապետութիւնը կը միացնէ գաղափարախօսութիւնը կը բաժնէ'' այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին առանցքը որուն մէջ անդրադարձաւ Գործք Առաքելոցէն քաղուած ընթերցումին մասին, ուր կը խօսուի աշակերտներու միջեւ ծագած վէճի մը` հայող հեթանոսներու դարձին ու անոնց թլփատութեան հարցին։

Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց թէ քրիստոնեայ սկզբնական հասարակութեան մէջ եւս կային վէճեր, իշխանութեան հասնելու պայքար, հարցեր...''մարդ ենք ու մեղաւոր ենք'' ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով թէ ասոր համար է որ Եկեղեցւոյ մէջ եւս կան դժուարութիւններ, սակայն մեղաւորի հանգամանքը մեզ մղելու է հեզութեան ու Տիրոջ մօտենալու։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ անդրադարձաւ  առաքեալներու միջեւ կայացած վիճաբանութեան ապա անոնց համաձայնութեան որ, ըսաւ Սրբազան Պապը, պտուղն էր Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեան, ապա մատնանշեց Եկեղեցւոյ մաս կազմող երկու խումբերու` անոնք որոնք մոլեռանդ են ու եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը գաղափարախօսութեան կը վերածեն, ապա անոնք որոնք բաց սրտով կը հետեւին Սուրբ Հոգւոյն ուսուցումներուն։

Նորին Սրբութիւնը քարոզը եզրափակեց յորդորելով Սուրբ Հոգւոյն շնորհքի միջոցաւ հետեւիլ Յիսուսի քարոզութեան, ու անոր ուսուցումներուն, ու հաստատելով թէ վարդապետութիւնը կը միացնէ, մինչդեռ գաղափարախօսութիւնը կը բաժնէ''








All the contents on this site are copyrighted ©.