2017-05-19 09:33:00

Սուրբ Նիկողայոս Տի Միրայի մասունքներու ուխտագնացութիւնը Մոսկուայի մէջ


(Ռատիօ Վատիկան) Կաթողիկէ եւ Օրթոտոքս զոյգ եկեղեցիներուն կողմէ մեծարուած Սուրբ Նիքոլա Տէ Միրայի մասունքները, 21 մայիսէն- 18 յուլիս 2017-ին,  Իտալիոյ Պարի քաղաքէն կը փոխադրուին Մուսկուա՝ ուր տեղի կ՝ունենայ սուրբին մասունքներուն ուխտագնացութիւնը։

Մասունքի փոխադրութիւնը արդիւնքն է Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Մոսկուայի Կիւրեղ Պատրիարքին  միջեւ  անցեալ 12 փետրուար 2016-ին, Քուպայի մէջ տեղի ունեցած պատմական հանդիպումի ընթացքին կնքուած համաձայնութեան։ 

Նշենք,  թէ  Սուրբ Նիկողայոս Տի Միրայի մասունքները, 930 թուականէն ի վեր պահպանուած են Իտալիոյ Պարի քաղաքին մէջ, անոնք երբեք քաղաքէն դուրս դուրս չեն տարուած ու այս առաջին անգամն է , որ այդ մասունքները դուրս կը բերուին քաղաքէն  եւ ասոր համար Սուրբին մասունքներուն  դէպի Մոսկուա  ուխտագնացութիւնը կը նկատուի  պատմական իւրայատուկ դէպք մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.