2017-05-19 11:33:00

ԵԱՀԿ-Մինսկի համանախագահները կը դատապարտեն հրադադարի խախտումները։


ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իգոր Պոպովը (Ռուսիա), Ստեֆան Վիսգոնթին (Ֆրանսա) եւ Ռիչըրտ Հոկլանտը (ԱՄՆ) յայտարարութիւն տարածած են` սահմանագիծի վրայ վերջին օրերուն լարուածութեան վերաբերեալ:

«Բազմաթիւ հաւաստի աղբիւրներէ հաւաքուած տեղեկատւութեան համաձայն, Ատրպէյճանը Մայիս 15-ին, սահմանագիծին հրթիռ արձակած է` ոչնչացնելով ռազմական սարք: Մայիս 16-ի երեկոյեան եւ յաջորդ օրը, հայկական զինուած ուժերը պատասխանած են՝ տարբեր տրամաչափի ականանետային կրակահերթերով: Երկու կողմերուն նման գործողութիւնները հրադադարի զգալի խախտում եւ տագնապի առիթ են:

Հակասական տեղեկութիւններ կան վերջին հրետակոծումներու թիրախներուն, տուժածներուն եւ հասցուած վնասին մասին: ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներն ու ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը կը շարունակեն լրացուցիչ տուեալներ եւ վերլուծութիւններ հաւաքել` առկայ իրավիճակին մասին առաւել յստակ պատկեր ունենալու համար:

ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները կը դատապարտեն վերջին օրերուն հրադադարի խախտումները, ու կողմերուն կոչ կ՝ընեն՝ անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկելու հակամարտութեան գօտիի յետագայ սրումէն խուսափելու համար»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.