2017-05-19 09:20:00

''Centesimus Annus'' Քահանայապետական հիմնարկի միջազգային համագումարը Վատիկանի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) 18-20 Մայիս 2017-ին Վատիկանի Սիւնոհոդսական դահլիճին մէջ տեղի կ՛ունենայ  ''Centesimus Annus'' Քահանայապետական հիմնարկի միջազգային համագումարը որուն ընթացքին տեղի կ՛ունենայ նաեւ ''Տնտեսութիւն եւ Ընկերութիւն'' մրցանակի երրորդ տարուայ մրցանակաբաշխութիւնը։

''Centesimus Annus'' Քահանայապետական հիմնարկը հիմնուած է երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ –ի կողմէ, 5 Յունիս 1993-ին, հիմնուելով Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի 1991-ին հրապարակած  ''Centesimus Annus'' շրջաբերականի վրայ։ 

Հիմնարկի վերոնշեալ հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 18 երկիներէ ժամանած 300 մասնակիցներ որպէս նիւթ ունենալով համաշխարհային յեղաշրջումին ի տես կառուցողական այլընտրանքներու որոնումը յատկապէս շեշտը դնելով մարդկային արժանապատուութեան ու հասարակաց բարիքի վրայ որպէս տնտեսութեան կեդրոններ։ 

Միջազգային համագումարին` եկեղեցական այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու շարքին  իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը։

''Centesimus Annus'' Քահանայապետական հիմնարկի 20 Մայիսին յայտագիրը կը նախատեսէ նաեւ հանդիպում Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ  ինչպէս նաեւ Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Կալլակէրի ելոյթը` Սուրբ Աթոռի ձեռնարկած քայլերու մասին, աշխարհի մէջ քրիստոնեաներու ու այլ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ի խնդիր։








All the contents on this site are copyrighted ©.