2017-05-18 12:09:00

''Յիսուսի սէրը անսահման է, մի հետեւիք աշխարհիկ սէրերու''. Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 18 Մայիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցանեց առաւօտեան Սուրբ Պատարագը, եւ քարոզին մէջ մեկնաբանեց օրուան պատգամը, առնուած Յովհաննէսի Աւետարանէն։

Յիսուս  խօսքը ուղղելով Իր առաքեալներուն, կʼըսէ՝ «Ինչպէս որ Հայրը սիրեց զիս, ես ալ ձեզ սիրեցի։ Հաստատուն մնացէք իմ սիրոյս մէջ։ Եթէ պահէք իմ պատուէրներս՝ կը մնաք իմ սիրոյս մէջ, ինչպէս որ ես պահեցի իմ Հօրս պատուէրները, եւ կը մնամ անոր սիրոյն մէջ» (Յովհ ԺԵ. 9-10)։

Սրբազան Պապը անդրադարձաւ սիրոյ էութեան, եւ նկատեց, թէ կան նաեւ «սէրեր», որոնք մեզ կը հեռացնեն Յիսուսի իսկական սէրէն։

Յիսուսի պատուէրներուն ցանկը ծաւալուն է, սակայն «կորիզը մէկ է՝ Հօր սէրը Յիսուսի հանդէպ, եւ Յիսուսի սէրը մեզի հանդէպ»։ Կան «այլ սէրեր, որ աշխարհ մեր առջեւ կը դնէ. զոր օրինակ սէր՝ դրամի, սէր՝ ունայնութեան, չքմեղանքի, ամբարտաւանութեան եւ իշխանութեան, որուն կʼուզենք հասնիլ անարդար միջոցներով։ Յիսուս մեզի կը պատուիրէ մնալ Իր եւ Հօր սիրոյն մէջ։»

Ֆրանչիսկոս Պապ յստակեց նաեւ, թէ կէս սրտով սիրելը սէր չէ. բարիք կամենալ եւ սիրել տարբեր բաներ են։ Սիրոյ չափն է՝ սիրել առանց չափի։

Պահելով Յիսուսի տուած պատուէրները կը մնանք Անոր սիրոյն մէջ եւ կը մերժենք գաղջ եւ շահախնդիր սէրը։

Սրբազան Պապը բացայայտեց, թէ մնալ Յիսուսի սիրոյն մէջ նաեւ երջանկութիւն է մեզի համար։ Սէրը եւ երջանկութիւնը պարգեւներ են. պարգեւներ, որոնք պէտք է խնդրենք Տիրոջմէ։ Վերջապէս Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ պատմեց դրուագ մը քահանայի մը մասին որ վերջերս եպիսկոպոս անուանուած էր։ Անուանումէն ետք, քահանան կʼերթայ իր ծեր հօր, որ համեստ մարդ մըն է եւ ամբողջ կեանքին մէջ աշխատած է, համալսարան չէ յաճախած, սակայն իմաստուն մարդ մըն է։ Հայրը կը խրատէ որդին ըսելով՝ «հնազանդէ, եւ ժողովուրդին ուրախութիւն տուր»։ Այսինքն «հնազանդէ Հօր սիրոյն, առանց ուրիշ սէրերու, հնազանդէ այդ պարգեւին եւ ապա ուրախութիւն բաշխէ ժողովուրդին»։

Մենք քրիստոնեաներս, աշխարհականներ, քահանաներ, կրօնաւորներ, եպիսկոպոսներ, պէտք է ուրախութիւն բաշխենք ժողովուրդին։ Այս պիտի կատարենք սիրոյ միջոցաւ, անշահախնդիր կերպով, պարզապէս սիրոյ ճանապարհով։ Մեր քրիստոնէական առաքելութիւնն է՝ ուրախութիւն տալ ժողովուրդին։

Սրբազան Հայրը փակեց իր քարոզը ըսելով՝ «Տէրը թող պահպանէ Յիսուսի սիրոյն մէջ մնալու պարգեւը, որպէս զի ատակ ըլլանք ժողովուրդին ուրախութիւն տալու»։








All the contents on this site are copyrighted ©.