2017-05-18 08:20:00

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան երախտագիտութեան մետալ՝ Վենետիկի Համալսարանի փրոֆեսէօրին


ԵՐԵՒԱՆ, «Հայերն Այսօր», «Առաւօտ».- 5 Մայիսին, Հռոմի Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն ընթացքին Իտալիոյ մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վիքթորիա Բաղդասարեան Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան Երախտագիտութեան մետալը յանձնեց Վենետիկի համալսարանի փրոֆեսէօր Սոնա Յարութիւնեանին:

Սոնա Յարութիւնեան հեղինակ է Հայոց Ցեղասպանութեան, հայ դանթէագիտութեան, լեզուաբանութեան, թարգմանաբանութեան նուիրուած քառասունէ աւելի հրապարակումներու: Ան նաեւ «Հայոց Ցեղասպանութեան Թեման Իտալական Գրականութեան Մէջ» մենագրութեան հեղինակն է: Անոր թարգմանութեամբ լոյս տեսած են Ա. Հերմետի եւ Պ. Ռատտիի «Հայերու Վենետիկը» գիրքը, ինչպէս նաեւ Անթոնիա Արսլանի «Արտոյտներու Ագարակը», «Զմիւռնիայի Ճանապարհը» եւ «Մշոյ Գիրքը» Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած վէպերը:

Սոնա Յարութիւնեան գիտական զեկոյցներով հանդէս եկած է Հայաստանի, Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Մալթայի, Հոլանտայի, Լեհաստանի, Զուիցերիոյ, Հունգարիոյ, Թայուանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու շարք մը համալսարաններու ու գիտական հաստատութիւններու մէջ: Որպէս այցելու դասախօս՝ դասաւանդած է Ֆրեզնոյի եւ Նիւ Եորքի համալսարաններուն մէջ:

Սոնա Յարութիւնեանի անխոնջ գործունէութեան շնորհիւ յատկապէս կրթական ոլորտին մէջ հայ-վենետիկեան փոխյարաբերութիւնները վերջին տարիներուն թեւակոխած են նոր փուլ մը:

Հարկ է նշել, որ այս գործունէութիւնը ոչ միշտ հնարաւոր եղած է ծաւալել բարենպաստ պայմաններու մէջ, յատկապէս հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ վերջին տարիներուն ատրպէյճանցիները ներթափանցած են նաեւ Քաֆոսկարի համալսարան՝ փորձելով ոչ միայն հիմք դնել ատրպէյճաներէնի դասաւանդման, այլեւ խանգարած հայկական ձեռնարկները:

Նշենք, թէ Սոնա Յարութիւնեանի «Հայոց Ցեղասպանութեան Թեման Իտալական Գրականութեան Մէջ» գիրքի շնորհահանդէսի օրը, ատրպէյճանցիները զուգահեռ ձեռնարկ մը կազմակերպած էին համալսարանի նոյն հիմնարկի այլ դահլիճի մը մէջ՝ «Ատրպէյճանական եւ իտալական տեսակէտները բազմամշակութայնութեան վերաբերեալ» թեմայով: Սակայն անոնք չէին յաջողած շեղել հանրութեան ուշադրութիւնը հայազգի գիտնականի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած գիրքի շնորհահանդէսէն:

Նշենք նաեւ, որ Եւրոխորհուրդին նախաձեռնութեամբ՝ 2016ին, Վենետիկի մէջ տեղի ունեցած «Լեզուներու Եւրոպական Օր» ամէնամեայ ձեռնարկի ծիրին մէջ արեւելեան լեզուներու համակարգողը Սոնա Յարութիւնեանն էր, եւ առաջին անգամ, ի շարս այլ լեզուներու, Վենետիկի Կոլտոնիի անուան թատրոնի բեմէն հնչեց նաեւ հայերէն՝ Վենետիկի համալսարանին մէջ հայագիտութիւն ուսումնասիրող ուսանողներուն կողմէն: Սոնա Յարութիւնեանի յամառ ջանքերուն եւ Վենետիկի ու Երեւանի պետական համալսարաններու գործօն համագործակցութեան շնորհիւ, կրթական ոլորտին մէջ հայ-վենետիկեան փոխյարաբերութիւններու ամենամեծ յաղթանակը եղաւ Եւրոմիութեան կողմէ ֆինանսաւորուող «Էրասմիւս+» ծրագիրը, որուն իբրեւ արդիւնք ԵՊՀ մասնագէտները կը դասախօսեն եւ հետազօտական աշխատանքներ կը կատարեն Վենետիկի համալսարանին մէջ, իսկ Քաֆոսկարիէն մասնագէտներ կը մեկնին ԵՊՀ: Կը նախատեսուի նաեւ ուսանողներու փոխանակութիւն: Ստացուած դրամական միջոցներու գերակշռող մասը պիտի յատկացուի Հայաստանին:








All the contents on this site are copyrighted ©.