2017-05-17 10:31:00

Հրապարակային ունկնդրութիւն. ''Քրիստոնէական Յոյսը` Մարիամ Մագդաղենացին յոյսի առաքեալ''


Յիսուս ըսաւ անոր. «Կի՛ն, ինչո՞ւ կու լաս, ո՞վ կը փնտռես»: Ինք՝ կարծելով թէ ան պարտիզպանն է, ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, եթէ դո՛ւն տեղափոխեցիր զայն, ըսէ՛ ինծի՝ ո՞ւր դրիր զայն, որպէսզի վերցնեմ զայն»:  Յիսուս ըսաւ անոր. «Մարիա՛մ»: Ան ալ դարձաւ եւ ըսաւ անոր (եփրայերէն). «Ռաբբունի՛», որ ըսել է՝ Վարդապետ:  Յիսուս ըսաւ անոր. «Մի՛ դպչիր ինծի, որովհետեւ դեռ բարձրացած չեմ Հօրս քով. հապա գնա՛ եղբայրներուս եւ ըսէ՛ անոնց. “Ես կը բարձրանամ իմ Հօրս քով ու ձեր Հօր քով, իմ Աստուծոյս քով եւ ձեր Աստուծոյն քով”»:  Մարիամ Մագդաղենացին գնաց, ու պատմեց աշակերտներուն թէ ինք տեսաւ Տէրը, եւ թէ ա՛ն ըսաւ իրեն այս բաները: (Յովհ 20, 15-18)

(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 17 Մայիս 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն եւ այս առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ դարձեալ անդրադարձաւ Քրիստոնէական յոյսի մասին յատկապէս խօսելով Մարիամ Մագդաղենացիի մասին` որպէս յոյսի առաքեալ։

''Այսօր, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը կը հանդիպինք անոր որ առաջինը եղաւ որ հանդիպեցաւ Յարուցեալ Յիսուսին։ Մարիամ Մագդաղենացին''։ Շաբաթը յաջորդող օրը կիները փութացին գերեզման եւ Մարիամ միւսներէն առաջ հասաւ թաղման վայրը։ Աւետարանները կը պատմեն թէ Ան տխուր վերադարձաւ վերնատուն աշակերտներուն պատմելու թէ Յիսուսի գերեզմանի քարը գլորուած էր ու անոր մարմինը այնտեղ չէր։

Մարիամին առաջին աւետիսը յարութեան աւետիս չէ այլ անյայտ անձերու կողմէ Յիսուսի մարմնին կողոպուտը, մինչ բոլոր Երուսաղեմը քունի մէջ էր։

Աւետարանները ապա կը խօսին Յիսուսի գերեզմանին Մագդաղենացիի երկրորդ այցի մը մասին։ Այս անգամ սակայն անոնք կը նկարագրեն Մարիամը որ դանդաղութեամբ կ՛ընթանայ դէպի այդ վայրը, մղձաւանջի մէջ, Յիսուսին մահուան համար ապա Անոր մարմնի կորստեան համար։

Ու մինչ արցունքներու մէջ գերեզմանի մօտ կը գտնուի Աստուած զայն կը զարմացնէ անսպասելի կերպով։ Յովհաննէս առաքեալ կ՛ընդգծէ թէ ինչպէս Մարիամ կուրութեան մէջ թաղուած չ՛անդրադառնար թէ երկու հրեշտակներ կը խօսէին իր հետը եւ ոչ ալ կը կասկածի իր ետին կեցած մարդու ներկայութեան համար, կարծելով որ ան հողամշակն է։

Ապա Անոր աչքերուն առջեւ   կը պարզուի մարդկային պատմութեան ամենացնցիչ իրադարձութիւնը երբ վերջապէս կը լսէ իր անունը ''Մարիամ''' ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով թէ ''գեղեցիկ է մտածել թէ Յարուցեալի առաջին երեւումը պատահեցաւ այսպիսի առանձնայատուկ կերպով։ Կայ մէկ մը որ մեզ լաւ կը ճանչնայ, կը տեսնէ մեր ցաւերն ու տառապանքները, մեր հետ կը ցաւի ու մեզ մեր անունով կը կոչէ։

Բազմաթիւ մարդիկ արդարեւ կը փնտռեն Աստուած, յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը եւ դիտել տուաւ  թէ ''իրականութիւնն այն է թէ մարդոցմէ առաջ Աստուած Ինքն է որ կը մտահոգուի մեր կեանքով ու կ՛ուզէ մեզ օգնել ու ասոր համար մեզ կը կոչէ մեր անունով։ Ամէն մարդ արդարեւ սիրոյ պատմութիւն մըն է զոր Աստուած կը գրէ երկրին վրայ'' հաստատեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

''Մարիամ''ի կեանքի յեղափոխութիւնը, որ սահմանուած է բարեփոխելու նաեւ ամէն մէկ այր ու կնոջ գոյութիւնը, սկիզբ կ՛առնէ անունով մը որ կ՛արձագանգէ դատարկ գերեզմանի պարտէզին մէջ։ Աւետարանները այսուհետեւ կը նկարագրեն Մարիամի երջանկութիւնը։ Արդարեւ Յիսուսի Յարութեան ուրախութիւնը կը նմանի ջրվէժի մը որ ամբողջ կեանքը կ՛ ողողէ։ Պահ մը մտաբերենք այդ դէպքը երբ Աստուած կը մօտենայ մեզի մեր դժբախտութեան ու վհատութեան ընթացքին ու կ՛ըսէ. ''Ոտքի ել, մի լար, եկայ քեզ փրկելու''։ Մեր Աստուածը անշարժ չէ, Անոր երազն է աշխարհի կերպարանափոխութիւնը ու այս մէկը կ՛իրականացնէ Յարութեան Խորհուրդով - ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հաստատելով թէ ''Մարիամ, այդ կինը որ Յիսուսին հանդիպելէ առաջ պիղծ դեւերու բռնութեան տակ կը գտնուէր, այժմ դարձաւ նոր ու մեծ յոյսի պատգամաւորը։ Թող որ անոր բարեխօսութիւնը մեզ օգնէ մենք եւս ապրելու այդ փորձառութիւնը. Լացի, լքումի ու ողբերգութեան ընթացքին ունկնդրենք Յարուցեալ Յիսուսին ձայնը որ մեզ կը կոչէ մեր անունով ու մեր սրտերը լի ուրախութեամբ երթանք աւետենք ''Ես Տէրը տեսայ''։ Կեանքս փոխեցի որովհետեւ Տիրոջ հանդիպեցայ։ Այժմ ուրիշ անձ մըն եմ։ Կեանքս փոխեցի որովհետեւ տեսայ Տէրը։ Ահա այս է մեր ուժը, այս է մեր յոյսը''։

Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջոնեց հրապարակը համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորները,­ ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն նշելով թէ այսօր կը յիշուի Սուրբ Փասքուալէ Պիլոնի ծիսական տօնը։

Սիրելի երիտասարդներ, թող որ Սուրբ Հաղորդութեան նկատմամբ Անոր սէրը` ձեզի ցոյց տայ, Յիսուսի իսկական ներկայութեան մէջ հաւատքի կարեւորութիւնը­ ձեզի` սիրելի հիւանդնար­, Աստուածային հացը թիկունք կանգնի  դիմադրելու  փորձանքներուն ու ձեզի համար սիրելի նորապսակներ ըլլայ սնունդ` ձեր ընտանիքի մարդկային ու հոգեւոր աճումին համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.