2017-05-17 08:40:00

Արամ Ա. վեց երիտասարդ միաբան հայրերու կը շնորհէ Վարդապետական Լանջախաչ կրելու իրաւունք


Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդ հետեւեալ վեց միաբան հայրերուն շնորհեց վարդապետական լանջախաչ կրելու իրաւունք.-
Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան, Տաճատ վրդ. Աշըգեան, Նշան վրդ. Լախոյեան, Գարեգին վրդ. Շխրտմեան, Սմբատ վրդ. Սապունճեան եւ Զարեհ վրդ. Սարգիսեան:

Յիշեալ միաբան հայրերը քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացած են 2012 թուականին եւ իրենց վարդապետական աւարտաճառերը ներկայացնելէ ետք` 2015-ին,  ստացած են վարդապետական աստիճան: Ներկայիս հայր Տաճատը հոգեւոր հովիւ է Ֆրէզնոյի մէջ եւ միաժամանակ կ՛ուսանի. հայր Նշանը կաթողիկոսարանի Երիտասարդական բաժանմունքի վարիչն է. հայր Պարոյրը հոգեւոր հովիւ է Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ եւ միաժամանակ կ՛ուսանի. հայր Գարեգինը ստանձնած է Դպրեվանքի փոխտեսուչի պաշտօնը եւ կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբին խմբավարութիւնը ու շուտով կը մեկնի Գանատա իր ուսումը շարունակելու եւ հովուական ծառայութեան լծուելու. հայր Սմբատը հոգեւոր հովիւն է Թեսաղոնիկէի հայ համայնքին, իսկ հայր Զարեհը կ՛ուսանի Նիւ Եորքի մէջ եւ շուտով պիտի վերադառնայ Մայրավանք:








All the contents on this site are copyrighted ©.