2017-05-17 11:05:00

Մեսրոպեանը յանձնեց 2016-2017 տարեշրջանի 56 աւարտականներու հունձքը


Ուրբաթ, 12 Մայիս 2017-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարանները յանձնեցին 2016-2017 տարեշրջանի աւարտականներու հունձքը շքեղ արարողութեամբ մը, որուն ներկայ եղան հայ եկեցեղւոյ հոգեւորականներ, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը, միութիւններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հազարէ աւելի բարեկամներ: Մեսրոպեանի շրջափակին մէջ, Սուրբ Մեսրոպի յուշակոթողին առջեւ կայացած հանդէսին նախագահեց Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի փոխանորդ Արհի. Հ. Գէորգ եպս. Ասատուրեան: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգներէն ետք խօսք առաւ զոյգ վարժարաններու տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ: Շնորհաւորելէ ետք շրջանաւարտները, եւ խօսքը ուղղելով անոնց, պարոն Գալուստ ըսաւ. “Այս բեմէն ձեր առջեւ նոր հորիզոն մը կը գծագրուի այսօր: Մեկնելով լոյսի աղբիւրէն, դուք հետամուտ պիտի ըլլաք աւելի յորդառատ լոյսի, գօտեպնդուած Մեսրոպեան վարժարանի դաստիարակութեամբ եւ կրթութեամբ”: Տնօրէնը դիտել տուաւ, որ վարժարանի շրջանաւարտները, որպէս հայու սերունդներ, Մեսրոպի շունչն ու ոգին տարածելու առաքելութիւնը ունին, ինչպէս նաեւ պարտականութիւնը՝ հայ ազգի  գոյութեան յաղթերթը շարունակելու:

Շրջանաւարտներու անունով խօսքեր արտասանեցին Արազ Ապաճեան, Հայկ Թապաքեան, Թալին Խաչոյեան եւ Եւա Պազըրպաշեան, որոնք արտայայտեցին իրենց երախտանքի ապրումները իրենց վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն հանդէպ, վստահեցնելով, որ ուսման թէ այլ ասպարէզներու մէջ, պիտի ըլլան կրողները այն արժէքներուն, որոնցմով կազմաւորուեցան Մեսրոպեանի մէջ:

Մեսրոպեանի ուսուցչական կազմին անունով խօսք առաւ պարոն Ժորժ Հաժ, որ շեշտեց բարձրագոյն կրթութեան կարեւորութիւնը արդի աշխարհին մէջ, կոչ ուղղելով շրջանաւարտներուն, որ չընկրկին դժուարութիւններու առջեւ, այլ ընդհակառակը, ամրապնդելով կամքերը՝ ձգտին իրենց երազներու լիակատար իրականացման: Պարոն Հաժ դիտել տուաւ, որ միայն կրթեալ ու լուսաւորեալ սերունդներու շնորհիւ է, որ ազգն ու հայրենիքը կրնան նուաճել զարգացման նոր մակարդակներ:

 

Հանդիսութեան պատգամախօսն էր Մեսրոպեանի նախկին սան եւ շրջանաւարտ, հայ կաթողիկէ համայնքային գործիչ բժիշկ Կոստան Եափուճեան: Ան նախ անդրադարձաւ արդի ընկերութեան տագնապներուն, որոնք անխուսափելիօրէն եւ ծանրօրէն կը ճնշեն պատանեկութենէն երիտասարդութիւն թեւակոխող պարմանիներուն եւ պարմանուհիներուն վրան, յաճախ յանգեցնելով յուսախափութիւններու, մտատանջանքներու եւ ցաւագին ապրումներու, որոնցմէ պէտք է դուրս գալ գիտակցութեան զարգացման եւ իւրաքանչիւր սորված բան քաջաբար վերարժեւորելու ճանապարհով: Տոքթ. Եափուճեանի պատգամը շրջանաւարտներուն կեդրոնացած էր այն գաղափարին վրայ, որ մտքի ազատութիւնը այն մեծագոյն պարգեւն է, որուն օգտագործումով մարդ անհատը կրնայ յաղթահարել նախապաշարումներու եւ մարդկային թուլութիւններով պատճառով ծնած եւ երեւակայութեան մէջ զարգացած իւրաքանչիւր վախ, որպէսզի ան կարողանայ իրապէս կայանալ այս կեանքին  մէջ եւ այդպիսով նպաստել, որ աշխարհը աւելի լաւ տեղ մը դառնայ բոլորին համար:

 

Հանդէսի գեղարուեստական մասով, անհատական եւ խմբային կարգերով ելոյթներ ունեցան շրջանաւարտները, նուագի, երգի, պարի եւ ասմունքի միջոցով արտայայտելով իրենց ուրախութեամբ ու տխրութեամբ խառն ապրումները՝ դպրոցական կեանքի աւարտին առիթով:

 

Շրջանաւարտներուն կողմէ յաջորդ հունձքի ներկայացուցիչներուն Մեսրոպեան Վահանի փոխանցումէն ետք խօսք առաւ Արհի. Հ. Գէորգ եպս. Ասատուրեան, որ շնորհաւորեց շրջանաւարտները, անոնց ծնողները եւ Մեսրոպեանի ողջ ընտանիքը այս առիթով, մաղթելով, որ նոր սերուդներուն առջեւ ճամբան միշտ կանաչ ըլլայ, որպէսզի անոնք հասնին իրնեց նպատակներուն՝ ի ուրախութիւն բոլորին:

 

Հուսկ վկայականներ շնորհուեցան Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 25 եւ Արուեստից վարժարանի 31 աւարտականներուն, որոնք տօնական հրավառութենէն ետք ընդունեցին շնորհաւորանքներ:

 

 

 Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 








All the contents on this site are copyrighted ©.