2017-05-16 08:00:00

Սուրբ Կոյս Մարիամ՝ բոլորիս Մայրը


 «Վեցերորդ ամիսը, Գաբրիէլ հրեշտակը Աստուծմէ ղրկուեցաւ Գալիլիոյ Նազարէթ քաղաքը, կոյսի մը , որ նշանուած էր Դաւիթի տունէն Յովսէփ անունով մարդու մը հետ . կոյսին անունն էր Մարիամ : Հրեշտակը անոր տունը մտաւ եւ ըսաւ . «Ուրախացիր*, շնորհքներով լեցուն , Տէրը քեզի հետ է :» Այս Խօսքերուն վրայ Մարիամ* խռովեցաւ եւ կը մտածէր թէ ի'նչ կը նըշանակէր այս ողջոյնը : Հրեշտակն ըսաւ անոր.  « Մի' վախնար,Մարիամ, որովհետեւ Տիրոջ առջեւ շնորհք գտար: Պիտի յղանաս եւ պիտի ծնանիս որդի  մը եւ պիտի կոչես զինք Յիսուս: ( Ղկ. 1, 26).

Ասոնք էին առաջին խօսքերը պաշտօնական խօսքերը Գափրիէէլ հրեշտակաիին այն աղջկան որ պատիւը պիտի ունենար Տիրոջ մայրը ըլլալու:

Պօղոս 6րդ Սրբազան քահանայպետը կ'ըսէր

« Եթէ ունենաք խղճմիտ մտահոգութիւնը քրիստոնէական խորհուրդին մէջ. փնտռեցէք Մարիամ կոյսը որովհետեւ Մարիամին պաշտամունքը վերջնակէտ մը չէ այլ ճշմարիտ ճանապարհը որ ձեզ կ'առաջնորդէ Քրիստոսին՛ որուն մէջ կը գտնենք Աստուծոյ Փառքը եւ եկեղեցւոյ սէրը :

Նազարէթին Մարիամը առաջին նորընծան եւ առաքելը եղաւ եկեղեցւոյ: Իր « Այո  » վ կը սկսէր նոր եկեղեցւոյ կոչումները որոնք կ'ընդառաջին Աստուծոյ կոչին , ըլլալու մասնաքից եւ առաքեալ նոր աւետարանացումին:

Մարիամ ընդունդցաւ նոր կոչումը , հետեւեցաւ իր որդւոյն նոր առաքելութեան ճանապարհին եւ եղաւ արժանաւոր կերպով « մայրը Առաքելոց եւ եկեղեցւոյ» :

Մարիամ՝ մեր սիրելի մայրը միշտ եւ իր կեանքի բոլոր պայմաններուն մէջ կապուած էր Աստուծոյ կամքին:

Մարիամ  Յիսուսը զոհաբերեց մեզի եւ այս զոհաբերութիւնը մեզի պարգեւեց  յաւիտենական կեանք :

Շատ քաղցր է Մարիամի պաշտպանութեան տակ գտնուիլ: Ո՞վ կը համարձակի մեզ հեռացնել անոր սէրէն: Ոչ մէկ բան կ՝ազդէ Մարիամին հանդէպ մեր յարգանքին եւ հաւատքին վրայ:

 Միշտ փոքրերու շրթունքներուն վրայ կ՝ըլլայ իրենց մօր անունը. երբ զգան վտանգ մը կը պոռան՝ «Մայր ,Մայր......»: Ուրեմն երբ մենք ալ զգանք որ մեր հոգիները յոգնած են եւ վտանգի մէջ՝ պարզապէս կը դիմենք մեր մօր՝ Մարիամին, աղօթելով եւ խնդրելով որ մեզ պահպանէ եւ մեր հոգիները զօրացնէ քանի կը վստահինք Մօր եւ կը հաւատանք անորզօրութեան:Մարիամ միայն մայր չէ արդարներուն եւ անմեղներուն, Ան մայր է նաեւ զղջացող մեղաւորներուն: Ով որ կ՝ուզէ ըլլալ զաւակ Մարիամի պէտք է հեռանայ մեղքերէն:

Ինչպէ՞ս կը համարձակին իրենք զիրենք կոչել Մարիամի զաւակներ երբ կը շարունակեն քալել մեղքի ճամբէն եւ  երես կը դարձնեն Մարիամի սիրոյն  :

Սրբուհի Մարիամ մեզմէ կ՝ակնկալէ միայն որ մեղաւորները անկեղծութեամբ խնդրեն իր օգնութիւնը եւ հրաժարին իրենց մեղքերէն:

Պէտք է ապաւինինք Մարիամին որովհետեւ այս կարեկցող մայրը իր ձեռքը կ'երկարէ մեզի՝ մեզ ազատելու համար մեղքի կապանքներէն եւ փրկելու մեր հոգիները:

Ո՝վ իմ քաղցր Տիրուհիս եւ Մայրս, ես շատ կը սիրեմ քեզ: Դուն դարձիր պաշտպան փաստաբանը քու ծառաներուդ եւ Քրիստոսի դատաւորի ատեանին առջեւ պաշտպանէ անոնց դատը:

Գէորգ Եպիսկ. Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.