2017-05-15 12:10:00

Հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Փերուի Եպիսկոպոսները:


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 15 Մայիսի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրաբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Փերուի հանրապետութեան քառասունէ աւելի եպիսկոպոսներուն, որոնք 15-20 Մայիս 2017-ին,  Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին, որուն ընթացքին անոնք հանդիպումներ կ՛ունենան նաեւ Վատիկանի եւ Հռոմի Քուրիայի զանազան բաժանմունքներու պատասխանատուներուն հետ։

Փերույի հանրապետութիւնը ունի 27 միլիոն 950 հազարէ աւելի բնակչութիւն­, որուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը` 88 առ հարիւրը, կաթողիկէ են, ապա կան բողոքական եկեղեցւոյ պատկան հաւատացեալներ` 10 առ հարիւրը, մինչ մնացածը կը հետեւի այլազան կրօններու։

Եպիսկոպոսական համահաւաք դասը ունի 15 հովուական խորհուրդներ եւ երկու բաժանմունքներ ինչպէս նաեւ այլ կազմակերպչական գրասենեակներ։ 

Փերուի կաթողիկէ եկեղեցին կազմուած է 7 Աւագ Թեմերէ, 19 պարզ թեմերէ, 10 տիտղոսաւոր թեմերէ, 8 առաքելական փոխանորդութիւններէ ու մէկ զինուորական մատրանապետութենէ։

Քրիստոնէութիւնը Փերուի մէջ մուտք գործած է 1532 թուականին մինչ 1551-ին սկիզբ առած է բնիկներու աւետարանումի առաքելութիւնը։

Տոմինիքեան միաբանութեան անդամները առաջինները եղած են որոնք Փերուի մէջ բնակութիւն  հաստատած են, անոնց  յաջորդած են այլ միաբանութիւններ որոնց շարքին Ֆրանչիսկեանները 1542-ին, եւ Յիսուսեանները 1568-ին։

Սուրբ Աթոռի եւ Փերուի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուած են 1877 թուականին ու 1915-ին Փերուի մէջ  հռչակուած է կրօնի ազատութիւնը։

Նշենք թէ 1985-ի Փետրուար ամսուայ 1-էն 5-ը Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը, առաջին անգամուան համար  այցելեց Փերուն, ապա երեք տարիներ ետք, 1988-ի 14-էն 16 մայիսին­, երջանկայիշատակ Քահանայապետը երկրորդ առաքելական այցելութիւն մը կատարեց Երկրին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.