2017-05-15 10:24:00

Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի աւարտեց Աւստրալիա կատարած հովուական այցելութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ` Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, 15 մայիսին, աւարտեց Աւստրալիա կատարած հովուական ճամբորդութիւնը, որուն ընթացքին Ան հանդիպումներ ունեցաւ Աւստրալիոյ մէջ բնակութիւն հաստատած Արեւելեան Եկեղեցիներու հաւատացեալներուն հետ, այցելելով անոնց եկեղեցական կառոյցներն ու կեդրոնատեղիները, որոնց շարքին նաեւ Սիտնէի Հայ Կաթողիկէ համայնքը որ այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 50-րդ տարեդարձը, որուն առթիւ ի ներկայութեան Կարդինալ Սանտրիին, Պատրիարքական Փոխանորդ` Գերյ Բարսեղ Սուսանեանը նախագահեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու պատկան այլ եպիսկոպոսները ու բազմաթիւ հաւատացեալներ։

Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչին Աւստրալիա կատարած անդրանիկ սոյն այցելութիւնը կը զուգադիպի Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի հիմնադրութեան  100-րդ տարեդարձին ու առիթ եղաւ մօտէն ճանչնալու Աւստրալիոյ Արեւելեան եկեղեցիներու իրականութիւնը, հանդիսանալով պատմական այցելութիւն մը, ուրախութեան, բաժնեկցութեան ու առաքելական հոգիով որ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի գործընթացքին համար եղաւ զատորոշումի ու խորհրդածութեան առիթ, գրուած է վերոնշեալ Ժողովի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ որուն մէջ ապա նշուած է թէ ''Ժողովի կոչումն է առաջնորդել Կաթողիկէ Արեւելեան Եկեղեցիներու կեանքն ու առաքելութիւնը, որոնց հաւատացեալներուն մեծ մասը, զանազան պատճառներու բերումով կ՛ապրին Արեւելքէն ու իրենց հայրենական հողերէն դուրս, թէեւ հարկ է ընդգծել թէ կարելի չէ համակերպիլ առանց քրիստոնեաներու Միջին Արեւելքի մը իրականութեան, ու այս ուղղութեամբ հարկաւոր է յանձնառութեամբ գործել ապահովելու համար նախ եւ առաջ քաղաքացիներու միջեւ հաւասարութեան իրաւունքը, կրօնի ազատութիւնը ու մարդու արժանապատուութեան ու ազատութեան յարգանքը, ապա թէ ոչ վտանգ կայ որ քրիստոնեաներուն հոսքն ու արտագաղթը շարունակուի''։     








All the contents on this site are copyrighted ©.