2017-05-14 08:56:00

Ֆրանչիսկոս Պապ` լրագրողներուն ''Ֆաթիման աշխարհի համար խաղաղութեան յոյս է''։


(Ռատիօ Վատիկան) Փորթուկալէն դէպի Հռոմ առաջնորդող թռիչքի ընթացքին, սովորութեան համաձայն, Սրբազան Քահանայապետը զրուցեց իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ պատասխանելով անոնց ուղղած մի քանի հարցումներուն։

Զրոյցի ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ Ֆաթիման իր մէջ կը պարունակէ խաղաղութեան պատգամ մը որ ուղղուած է մարդկութեան, շնորհիւ երեք մեծ հաղորդողներու­, որոնք  ոչ իսկ 13 տարեկան էին։ Ճաչինթային եւ Ֆրանչեսքոյին սրբադասումը ինծի համար մեծ ուրախութեան առիթ էր, խաղաղութեան յոյս մը բոլորին - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ յառաջիկայ օրերուն ԱՄՆ-ի նախագահին հետ ունենալիք հանդիպումին ու այս առընչութեամբ ուղղուած հարցումի մը որուն մէջ լրագրողը հարց տուաւ թէ ի՞նչ կը մտածէ Քահանայապետը անձի մը մասին որ գաղթականներուն նկատմամբ խիստ կեցուածք կը ցուցաբերէ, պատնէշներ կը կառուցէ ու կլիմայական փոփոխութիւններու առընչութեամբ չ՛ուզեր յարգել առնուած որոշումները։ Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց ''ես չեմ ուզեր վճիռ արձակել անձի մը մասին որուն հետ տակաւին չեմ խօսած, որովհետեւ վստահ եմ թէ միշտ կան բաց դռներ ու հարկաւոր է այդ դռները փնտռել յառաջ ընթանալու համար, խօսելու միասնական նիւթերու շուրջ, քայլ առ քայլ։ Խաղաղութիւնը արհեստական է կը կատարուի օր ըստ օրին։ Խաղաղութիւնը ձեռք կը բերուի երկխօսութեան եւ ուրիշի յարգանքի միջոցաւ - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը որ ապա խօսեցաւ Պիոս Ժ եղբայրութեան հետ երկխօսութեան ինչպէս նաեւ աւետարանական եկեղեցիներու հետ երկխօսութեան մասին զանոնք նկատելով կառուցողական ու խրախուսելով միասին քալել աղօթքի մէջ ու ողորմութեան ներգործութիւններով, հռչակելով թէ Տէրն է միակ Փրկիչը ու թէ շնորհքը կը բխի միայն Անորմէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ անդրադարձաւ Ֆաթիմայի ուխտագնացութեան կարեւոր պահերուն մատնանշելով թէ 25 տարիներ առաջ ճիշդ 13 մայիսին, ինք նշանակուած էր Պուէնոս Այրեսի թեմին եպիսկոպոս ու թէ Տիրամօր դիմաց աղօթելու ընթացքին յիշած էր այս մէկը Անորմէ ներողութիւն հայցելով բոլոր իր գործած սխալներուն համար։

Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադարձ կատարեց ''Մետժուկորիի'' մէջ տեղի ունեցող երեւումներու մասին, անդրադառնալով Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետին այդ հարցը քննելու համար հիմնած յանձնախումբին ու իր կողմէ վերջերս անուանուած պատգամաւորին,  հաստատելով թէ ինք կը նախընտրէ Մայր Տիրամայրը եւ ոչ թէ գրասենեկային պատասխանատու Տիրամայր մը որ ամէն օր պատգամ մը կ՛ուղարկէ…։

Սրբազան Քահանայապետը ապա պատասխանեց մանկամոլութեան հարցի մասին ուղղուած մէկ հարցումին ու Մարի Քոլլինսի  Սուրբ Աթոռի մանկամոլութեան դէմ պայքարի յանձնախումբէն­ ներկայացուցած հրաժարականին, ու հաստատեց թէ Մարի Քոլլինս քիչ մը իրաւունք ունէր երբ կ՛ըսեր թէ հարցերը շատ դանդաղ կ՛ընթանային, սակայն, վստահեցուց Սրբազան Պապը, Սուրբ Աթոռը այդ հարցերը անյապաղ կը շարունակէ հետապնդել։ 

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ի վերջոյ պատասխանեց աշխարհականացումի մասին մէկ հարցումին հաստատելով թէ այդ հարցը մտահոգիչ է ու թէ բազմաթիւ կաթողիկէ երկիրներու մէջ կայ նաեւ ''հակակղերականութեան'' հարցը։

''Ասոր համար է որ ես քահանաներուն կը յորդորեմ կղերապաշտութենէն հեռանալ, որովհետեւ կղերապաշտութիւնը մարդիկը կը հեռացնէ։ Կղերապաշտութիւնը  Եկեղեցւոյ մէջ վէրք մըն է'' յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ։








All the contents on this site are copyrighted ©.