2017-05-13 13:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ողջոյնի խօսքը սրբադասման արարողութեան ներկայ գտնուող հիւանդներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆաթիմայի սրբավայրին մէջ նախագահած Սրբադասման Պատարագի աւարտին ֆրանչիկսոս Պապ, խօսքը ուղղելով խումբ մը հիւանդներուն քաջալերեց զանոնք ըսելով, թէ   ՝՝Տէրը միշտ  կը կանխէ մեզ. Երբ՝ մենք խաչին քովէն անցնինք, Ան արդէն՝ այդտեղէն անցած կ՝ըլլայ''։ Յիսուս ըսաւ Քահանայապետը իր չարչարանքներու ընթացքին իր վրայ կրեց նաեւ մեր ցաւերը ու աւելցուց  Յիսուս շատ լաւ  գիտէ ինչ կը նշանակէ տառապանք,  ու ասոր համար Ան կը մխիթարէ եւ ուժ կու տայ ինչպէս ըրաւ Սուրբ Ֆրանզեսքօ եւ Ճաչինդա սուրբերուն ու նաեւ բոլոր ժամանակներու եւ բոլոր վայրերու սուրբերուն։

Նորին Սրբութիւնը ապա  յիշեց Սուրբ Պետրոս Առաքեալը, կալանաւորուած Երուսաղեմի բանտին մէջ, մինչ ամբողջ եկեղեցին կ՝աղօթէր անոր համար։  Տէրը,  ըսաւ Սրբազան Հայրը, մխիթարեց Պետրոսը։   Ահա այս է Եկեղեցւոյ խորհուրդը. եկեղեցին Տիրոջմէ կը հայցէ որ մխիթարէ ձեզի նման տառապողները, ու Ան  կը մխիթարէ բոլորը՝  նոյնիսկ ծածուկ կերպով։

Սիրելի ուխտաւորներ այսօր Տիրամայրը կ՛ուղղէ նոյն հարցումը զոր հարիւր տարիներ առաջ ուղղեց հովիւներուն ''կ՛ուզէք նուիրուիլ Աստուծոյ'' եւ կ՛ուզենք պատասխանը մեզ կարելիութիւն կու տայ ապրելու անոնց կեանքը ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորելով կեանքը ապրիլ,  որպէս ընծայ եւ նման փոքրիկ սուրբ հովիւներուն Տիրամօր ըսեն, թէ կ՝ուզեն ամբողջ սրտով նուիրուիլ Աստուծոյ ։ 

Ան  ապա հիւանդները քաջալերեց իրենք զիրենք չի նկատել լոկ՝  որպէս բարեսիրական աջակցութեան հասցէատէրեր, այլ`  կեանքի եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան  մասնակիցներ,  ընդգծելով,  որ անոնց  աղօթքը, առօրեայ տառապանքները Յիսուսի նուիրելը, Քրիստոնեայ հասարակութեան ժառանգութիւն եւ հոգեւոր ակնաղբիւր է։

Իր խօսքը եզրափակելով   Ֆրանչիսկոս Պապ, հիւանդները հրաւիրեց իրենց ցաւերը յանձնելու Տիրոջ անոնց ապահովեցնելով եկեղեցւոյ աղօթքը ապա շեշտեց ''Աստուած Հայր է  եւ երբեք պիտի չի մոռնայ ձեզ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.