2017-05-13 07:24:00

Շուշիի մէջ հնագէտները կը պեղեն Մեղրեցոց եկեղեցին։


Արցախի Հանրապետութեան Շուշի քաղաքին մէջ գտնուող Մեղրեցոց եկեղեցին առաջին անգամ ըլլալով կը պեղուի եւ կը մաքրուի: Ինչպէս «Արմենփրես»-­ի հետ զրոյցին ըսած է «Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-­ի գիտական գծով փոխտնօրէն, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Նժդեհ Երանեան` նպատակը եկեղեցւոյ ուրուագիծը բանալն է: «Եկեղեցին հիմնականօրէն քանդած եւ կրաձոյլով պատած են: Մեր հիմնականօրէն եկեղեցւոյ հիմքերը պիտի  ուսումնասիրենք»,- ըսած է ան­: Երանեան կարեւոր համարած է, որ եկեղեցւոյ արեւելեան պատն ու խորանը պահպանուած են: «Պեղումները կ՛իրականացնեն «Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-­ի հնագէտները:

Շուշիի Մեղրեցոց եկեղեցին կառուցած են մեղրեցի ներգաղթեալները: Արձանագրութիւններուն մէջ անիկա յիշատակուած է որպէս սբ. Ամենափրկիչ Մեղրեցոց եկեղեցի, որ կառուցուած է Մահտեսի Հախումեանցի ծախսերով` 1833 թուականին: Աղօթասրահը ունեցած է ուղղանկիւն ծաւալատարածական յօրինուածք: Թաղակապ կամարները յանգած են սրահի կեդրոնին բարձրացուած չորս սիւներու եւ երկայնական պատերու երեք զոյգ որմնասիւներու վրայ: Երբեմնի ճարտարապետական համալիրը 1960­ական թուականներուն քանդուած, յարմարեցուած եւ վերածուած է ամառնային բացօթեայ կինոթատրոնի:








All the contents on this site are copyrighted ©.