2017-05-13 16:00:00

''Հոս Ֆաթիմայի մէջ կը հայցեմ ազգերու միջեւ համերաշխութիւն'' Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթները։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Բոլորէդ կը խնդրեմ որ ինծի միանաք, որպէս ուխտաւոր Յոյսի եւ խաղաղութեան մէջ։ Աղօթքի մէջ ձեր ձեռքերը թող շարունակեն թիկունք կանգնիլ իմ ձեռքերուս'' այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին` ուրբաթ 12 Մայիսին հրապարակած թուիթը որուն մէջ Ան աշխարհի բոլոր հաւատացեալները հրաւիրեց միանալու Ֆաթիմա կատարելիք` յոյսի եւ խաղաղութեան մէջ իր ուխտագնացութեան, Ֆաթիմայի մէջ Տիրամօր երեւումներուն 100-րդ տարեդարձին առթիւ, ապա խնդրեց որ իրենց աղօթարար ձեռքերով թիկունք կանգնին իրեն։։

Նորին Սրբութիւնը ապա  12 Մայիսի երեկոյեան ուշ` հրատարակեց այլ թուիթ մը որուն մէջ գրեց. '' Հոս Ֆաթիմայի մէջ, փառաբանութիւն կը մատուցեմ Քրիստոսի, մեր խաղաղութիւնը, ու համայն աշխարհին համար կը հայցեմ ազգերու միջեւ համերաշխութիւն''։

Իսկ շաբաթ 13 մայիս 2017-ի առաւօտեան հրապարակած մէկ թուիթին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ ''Ամէն անգամ որ Մարիամին նայինք դարձեալ կը հաւատանք քնքշութեան ու սիրոյ յեղափոխական զօրութեան''։ 

Ապա 13 մայիսի յետմիջօրէին հրապարակեց նոր թուիթ մը որուն մէջ ընդգծեց թէ ''Ֆաթիման ամենէն առաջ լոյսի վերարկու մըն է` որ մեզ կը պահպանէ երբ կ՛ապաստանուինք Սուրբ Կոյսի պաշտպանութեան ներքոյ,  Անորմէ հայցելու. ''Ցոյց տուր մեզի Յիսուսը''։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.