2017-05-13 11:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ''Այս ճամբորդութիւնը աղօթքի, Տիրոջ ու Տիրամօր հետ հանդիպումի ճամբորդութիւն է''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Այս ճամբորդութիւնը աղօթքի, Տիրոջ ու Սուրբ Աստուածամօր հետ հանդիպումի ճամբորդութիւն է'' այսպէս որակեց Սրբազան Հայրը Ֆաթիմա կատարած ուխտագնացութիւնը իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ ունեցած հակիրճ հանդիպման ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց` իրենց համագործակցութեան ու աշխատանքին համար ու յատկապէս իրեն ընկերանալուն համար ապա քաջալերեց ''յառաջ ընթանալ''։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը երէկ` ուրբաթ 12 մայիսի երեկոյեան ուխտագնացութեան առաջին օրուան յայտագիրը աւարտեց  Ֆաթիմայի սրբավայրին մէջ նախագահելով Մոմերու Օրհնութեան արարողութիւնը եւ սուրբ վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմահազար ուխտաւորներ։ Մինչ առաքելական ուխտագնացութեան երկրորդ օրուան յայտագիրը սկսաւ` տեղական ժամով առաւօտեան 9.10-ին (Հռոմի ժամով 10.10-ին) ''Նոսսա Սինիորա Տէ Քարմօ'' տան մէջ  Փորթուկալի վարչապետին հետ ունեցած հանդիպումով, որմէ ետք ուղղուեցաւ Ֆաթիմայի վարդարանի Տիրամօր մայր տաճար, ուր հանդիսապետեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, որուն ընթացքին սուրբ հռչակեց Տիրամօր երեւումներուն ականատես երկու երանելիները, Ֆրանչէսքօ եւ Ճաչինթա։

Սուրբ Զոհին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Փորթուկալի, Փարակուէյի­ Սաօ Թոմէի եւ Փրինչիփէ հանրապետութիւններու նախագահները։

Սրբավայր ժամանելուն Նորին Սրբութիւնը յարգանքի տուրք մատուցեց վերոնշեալ երանելիներու դամբաններու առջեւ ապա նախագահեց անոնց  սրբադասման արարողութեան ապա օրուան սուրբ գրային ընթերցումներէն ետք արտասանեց օրուան յաւուր պատշաճի քարոզը։

Ֆաթիմայի Սրբավայրին մէջ մատուցած սուրբ պատարագի արարողութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը հանդիպում կ՛ունենայ խումբ մը հիւանդներուն հուսկ կէսօրուան ճաշը կը կիսէ Փորթուկալի եպիսկոպոսներուն հետ։

Յետմիջօրէի տեղական ժամով 14,45-ին (Հռոմի ժամով 15,45) Մոնթէ Ռէալ օդակայանին մէջ ուր տեղի ունեցող հրաժեշտի արարողութենէն ետք, Ֆրանչիսկոս Պապ կը բարձրանայ օդանաւ ու վերադարձ կը կատարէ դէպի Հռոմ` ուր ժամանումը նախատեսուած է երեկոյեան 7,05 անց։  








All the contents on this site are copyrighted ©.