(Ռատիօ Վատիկան) 50 երկիրներէ տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներ ճամբայ ելած են ուղղուելով դէպի Ֆաթիմայի Սրբավայր, մասնակցելու համար Ֆաթիմայի Երեւումներուն 100-րդ տարեդարձին առթիւ նախատեսուած` Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորելիք արարողութիւններուն, որոնց ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը համայն մարդկութիւնը` առանց բացառութեան պիտի յանձնէ Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին։
Սրբազան Քահանայապետին Ֆաթիմա ժամանումի նախօրեակին` Երանելի Ճաչինթա եւ Ֆրանչեսքոյի բարեխօսութեամբ հրաշքով բժշկուած Լուքաս Մաէտա Տէ Օլիվիերա պրազիլցի պատանիին ծնողքը որոնք իրենց կարգին ժամանած են Ֆաթիմա, Ֆաթիմայի Տիրամօր նուիրուած Սրբավայրին մէջ գոհութիւն յայտնեցին Աստուծոյ իրենց զաւկին բժշկութեան հրաշքին համար բարեխօսութեամբ երկու այլ սուրբ մանուկներու` Ճաչինթա եւ Ֆրանչեսքոյի որոնք 1917-ին Լուչիայի հետ միասին ականատես եղած էին Տիրամօր երեւումներուն եւ որոնց սրբադասման արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ շաբաթ 13 մայիս 2017-ի առաւօտեան` Ֆաթիմայի Սրբավայրին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գլխաւորած Սուրբ պատարագի ընթացքին։
Արդարեւ 13 մայիս 1917-ին, Փորթուկալի Ֆաթիմա գիւղին մէջ Աստուածամայրը առաջին անգամ կ՛երեւնայ երեք մանուկներու, երեք փոքրիկ հովիւներու՝ Լուչիա (10 տարեկան), Ֆրանչիսկոս (9 տարեկան) եւ Ճաչինթա (7 տարեկան), որոնք իրենց հօտով կը զբաղէին: Կէսօրուայ ժամերուն, անոնք կը տեսնեն կին մը որ աւելի լուսաւոր էր քան արեւը, ամբողջովին ճերմակ հագած եւ ձեռքը ճերմակ վարդարան մը շալկած: Այս կինը կը խնդրէ իրենցմէ ամէն օր վարդարանը աղօթել եւ ամէն ամսոյն 13-ին, միեւնոյն ժամուն, միեւնոյն վայրին մէջ գտնուիլ: Եւ այսպէսով հինգ ամիսներ շարունակ անոնք կը վայելեն երեւումներու այս խորհուրդը, եւ վերջինին՝ 13 հոկտեմբեր 1917-ին, ներկայ կ՛ըլլան նաեւ 70000 հոգի: Աստուածամայրը անոնց կը յայտնէ թէ ինք «Վարդարանի Տիրամայր»ն է, եւ կը խնդրէ որ իրեն ի պատիւ մատուռ մը կառուցանեն:
Ֆաթիմայի մէջ պատահած երեւումները մարգարէաշունչ երեւոյթ մը ունէին: Աստուածամայրը փոքրիկներուն ցոյց կու տայ երեք տարբեր գաղտնիքներ: Յետագային, Լուչիան, որ կը դառնայ մայրապետ, կ՛ըսէ թէ այս երեւումներուն նպատակն էր յորդորել մեծնալ եւ աճիլ հաւատքին, յոյսին ու սիրոյ մէջ:
28 ապրիլ 1919-ին, Աստուածամօր խնդրանքին համաձայն, կը կառուցուի Երեւումներու մատուռը, եւ սկսեալ այդ օրէն Ֆաթիման կը հիւրընկալէ մեծ թիւով ուխտաւորներ, բոլոր կրօնքներու պատկանող:
All the contents on this site are copyrighted ©. |