2017-05-12 11:43:00

Վանականութիւն ԼԳ


Ստեփանոս Օրբելեան, իր պատմութեան 41րդ գլխուն մէջ կը պատմէ Տաթեւի վանքի եւ եպիսկոպոսարանի շինութեան մասին։ Ան մանրամասնօրէն կը նկարագրէ շինութեան հանգամանքները, հետեւեալ տողերով՝ “Երիցս երանելի ու բազմերջանիկ հայրապետ այս Տէր Յովհաննէսն էր, որ Սողոմոնէն յետոյ անոր փոխարէն նշանակուեցաւ Սիւնեաց մետրապոլիտութեան աթոռակալ։ Ասոր մասին կը պատմուի, որ Նորիկ գիւղէն որբեւայրի աղքատ ու մուրացիկ մարդու զաւակ էր։ Հայրը կին մը առած էր, որ կը պահէր գիւղատիրոջ ընտանի թռչուններու երամները։ Ան խորթութեամբ եւ ոխով կը վարուէր իր խորթ որդիին՝ փոքրիկ պատանեակ Յովհաննէսին հետ. շարունակ ծեծելով ու անօթի պահելով կը տանջէր զայն։ Օր մըն ալ մանուկը, այդ թռչուններէն շատ ճուտեր կորսնցնելով չհամարձակեցաւ տուն մտնել, այլ փախաւ եւ Սուրբ Հոգիի առաջնորդութեամբ եկաւ Տաթեւի վանքը եւ բնակելով կրօնաւորի մը մօտ՝ ուսում առաւ եւ հասունցաւ։ Քանի որ լի էր աստուածային շնորհքով, հարուստ բանականութեամբ եւ պայծառ յիշողութեամբ, ուստի արժանի համարուեցաւ աստուածային օծումին եւ Սիւնեաց եպիսկոպոս Տէր Դաւիթի կողմէ ձեռնադրուեցաւ քահանայ։ Հմտանալաով Աստուածաշունչ գրքին՝ կատարելութեան հասաւ ե´ւ գիտութեամբ, ե´ւ գործնական կարողութիւններով։ Տէր Սողոմոնի օրով ստանձնեց եկեղեցւոյ փակակալի պաշտօնը, դարձաւ տեղւոյն եկեղեցական բոլոր ստորին պաշտօնեաներու ղեկավար եւ եկեղեցապաններու աւագ։

Այնուհետեւ հասաւ առաքինի Սողոմոնի վախճանը։ Հաւաքուեցան Սիւնեաց իշխանները եւ անոնց ազատները, նահանգի վանքերու կառավարիչները, ինչպէս եւ աւագ տանուտէրերը՝ ըստ տարբեր գաւառներու, եւ սուրբ եպիսկոպոսի մարմինը հողին յանձնելէ յետոյ նոր հայրապետի ընտրութիւն կատարեցին։ Հաւաքուած այդ բոլոր մարդիկ ձայն բարձրացնելով՝ իրենց առաջնորդ կը պահանջէին Յովհաննէս փակակալը։ Ամբողջ բազմութեամբ հաւանութիւն տալով՝ զայն մեծապատիւ փառքով ուղարկեցին հայոց Տէր Գէորգ կաթողիկոսի մօտ։ Եւ ան ձեռնադրուելով մեծաշուք պատիւով վերադարձաւ եւ նստաւ մեր Սիսական տան մետրապոլիտութեան աթոռին։ Այս երանելին տեսաւ, որ եկեղեցին նեղ էր, անշուք ու երկար ժամանակներէ հնացած, եկրաշարժէն ալ խարխլած։ Եւ քանի որ անպատշաճ էր այնպիսի մեծ կենդրոնական աթոռանիստ սուրբ հայրապետանոցի աշխարհագումար ժողովարանի համար կաթողիկէ եկեղեցիէ զուրկ ըլլալը, այդ պատճառով ներքնապէս շարունակ կը մտատանջուէր եւ հնար չէր գտներ, որովհետեւ մէկ կողմէն՝ չէր համարձակէր քանդել առաջին սուրբերու հիմնադրած տաճարը, իսկ միւս կողմէ՝ հաշուի կ’առնէր անմատչելի է անհրաժեշտ հսկայական ծախսի կատարումը։ Ապա երազին մէջ հրեշտակէն հրաման ստացաւ՝ հինը մէկ կողմ ձգել եւ նոր եկեղեցիի շինարարութեան սկսիլ։ Եւ այն տեսիլքը յայտնուեցաւ կրկին եւ երապատիկ անգամ, մինչեւ որ հրեշտակը լրիւ հաւաստի դարձուց իրողութիւնը, որ խաբուսիկ երեւոյթ չկարծուէր. իր գաւազանով ալ սահմանագծեց տեղը եւ հրամայեց կառուցել գլխաւոր առաքեալներու՝ Վէմ Պետրոսի եւ Պօղոսի անունով։ Հրեշտակը քաջալերեց եպիսկոպոսը ձեռնարկին համար, ըսելով՝ ’Այդ մարդու կողմէ չի կատարուիր, այլ Տէրը կ’ուզէ Իր փառքին համար տուն կանգնեցնել’։ Եպիսկոպոսը զարհուրեցաւ եւ քունէն արթննալով՝ երկար ժամանակ ապշած կը մնար։ Կանգնեցաւ, եկաւ այն տեղը եւ միաբաններուն ցոյց տուաւ հրեշտակի սահմանագծածը։ Այս մասին տեղեկացուց նաեւ Սիւնեաց մեծ եւ գահերէց իշխան Աշոտին՝ Վասակի եղբօրը, Փիլիպէի որդւոյն, Սմբատի, Սահակի եւ Բաբկէնի հօր, եւ անոր կին՝ երանելի խորահաւատ Շուշանին. Գեղարքունիք գաւառի մէջ բնակող միւս իշխանին՝ Գրիգոր Սուփանի որդի Գաբուռ Սահակին, եւ Բաղքի Ձագիկ կոչուած միւս իշխանին՝ Ջեւանշերի հօր։ Անոնք ոգեւորուեցան եւ աստուածային տնօրինութեամբ արագ կերպով այնտեղ բերուեցան եւ հիացած այն սքանչելի երազով՝ համաձայնութեամբ եւ համամտութեամբ գործի անցան եւ կը ջանային արագ կերպով կատարել։ Այնուհետեւ բացուեցան անոնց գանձարանները, եւ գանձերը առատապէս կը ծախսուէին շինարարութեան կատարման համար։ Բայց գլխաւորապէս մեծ իշխան Աշոտը եւ Տէր Յովհաննէս եպիսկոպոսն էին, որոնք մեծամեծ ծախսերով եւ ջանքերով կանգնած էին այդ գործին վրայ եւ աստուածային կամակցութեամբ սկսան կառուցումը։»








All the contents on this site are copyrighted ©.