2017-05-12 22:43:00

''Սիրելի Մարիամի եւ Մարիամի հետ ուխտաւորներ'' Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնի խօսքը։


(Ռատիօ Վատիկան)  ''Սիրելի Մարիամի եւ Մարիամի հետ ուխտաւորներ, շնորհակալ եմ զիս ձեր մէջ ընդունելուն համար ու ինծի միանալու այս ուխտագնացութեան, որ  ապրուած է յոյսի եւ խաղաղութեան մէջ''։ Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը­, ուրբաթ 12 մայիս 2017-ի երեկոյեան, Ֆաթիմայի Տիրամօր Սրբավայրին կատարած ուխտագնացութեան ծիրէն ներս, Մոմերու Օրհնութեան արարողութեան ընթացքին ողջունեց սրբավայրին մէջ գտնուող բազմահազար ուխտաւորները։

''Ես կը զգամ թէ Յիսուս ձեզ յանձնեց ինծի ու ես կ՛ողջագուրեմ ու Յիսուսին կը յանձնեմ բոլորդ, յատկապէս անոնք որոնք աւելիով կարիքաւոր են, այնպէս ինչպէս մեզի ուսուցանեց Տիրամայրը (Յուլիս 2017- երեւումի ընթացքին) - ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը  հայցելով որ  ''Ան որ սիրալիր ու հոգատար Մայրն է բոլոր կարիքաւորներուն, անոնց համար ընդունի Տիրոջ օրհնութիւնը` իւրաքանչիւր դժբախտ ու հայրենազրկուածի` որմէ յափշտակուած է ներկան, իւրաքանչիւր բացառուածի եւ լքուածի որուն ժխտուած է ապագան, ու իւրաքանչիւր որբի ու անարդարութեան զոհերուն որոնց կարելիութիւն չէ տրուած անցեալ մը ունենալու, թող բոլորին վրայ իջնէ Յիսուս Քրիստոսի մէջ մարդեղացած Աստուծոյ օրհնութիւնը''։

''Ոչ մէկ արարածի դիմագիծին վրայ`Սուրբ Կոյսին նման ցոլաց Աստուծոյ դիմագիծը, յարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը ու մատնանշեց Սուրբ Վարդարանի աղօթքի խորհուրդներուն ընդգծելով ապա թէ ''Ուխտաւորներ են Մարիամի հետ'', Մարիամ մը որ հոգեւոր կեանքի ուսուցիչ է, առաջինը որ հետեւեցաւ Քրիստոսի` խաչի նեղ ճանպահի վրայ, մեզի տալով օրինակ։ Մարիամ` Օրհնեալը որ մշտապէս հաւատաց Աստուածային խօսքերուն. Մարիամը Աւետարանի Սուրբ Կոյսը''։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա Աստուածային ողորմութեան ու անոր անհուն գթութեան որ կը գերադասէ Անոր դատաստանը։ ''Պէտք է Աստուծոյ դատաստանին նայիլ անոր ողորմածութեան լոյսին ներքոյ'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով թէ ''Աստուծոյ ողորմութիւնը չի ժխտեր արդարութիւնը, որովհետեւ Յիսուս իր վրայ առաւ մեր մեղքին հետեւանքները'' ու թէ ''ճիշդ այդ Քրիստոսի Խաչին միացնող հաւատքով է որ մենք ազատագրուած ենք մեր մեղքերէն''։

''Ամէն անգամ որ Մարիամին ուղղենք մեր հայեացքը կը վերագտնենք սիրոյ ու քնքշութեան յեղափոխական զօրութեան մէջ հաւատքը'' - յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով թէ ''Անոր մէջ կը տեսնենք թէ հեզութիւնն ու քնքշութիւնը` առաքինութիւններ են ոչ տկարութեան այլ զօրութեան'' ապա խրախուսեց ''Մարիամին հետ դառնալ նշան ու խորհուրդ Աստուծոյ ողորմութեան որ միշտ կը ներէ ու կը ներէ ամէն ինչ''։

''Սուրբ Կոյսին ձեռքը բռնած ու անոր հայեացքին ներքոյ կարող ենք ուրախութեամբ երգել Տիրոջ ողորմութիւնները, կարող ենք ըսել. ''Տէր իմ հոգիս քեզի համար կ՛երգէ։ Ողորմութիւնդ զոր ցուցաբերեցիր բոլոր սուրբերուդ` հասաւ նաեւ ինծի։ Իմ սրտիս հպարտութեան պատճառաւ մտացիր ապրեցայ իմ ձգտումներուս ու շահերուս հետեւելով, առանց սակայն երբեք զբաղեցնելու որեւէ մէկ գահ, ով Տէր։ Միակ հրճուանքի հնարաւորութիւնը որ ունիմ այս է. Թող որ քու Մայրդ զիս առնէ իր բազուկներուն մէջ, զիս ծածկէ իր վերարկուով ու ինձ զետեղէ քու Սրտիդ մօտ։ Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.