2017-05-12 17:37:00

Ուխտաւոր Ֆրանչիսկոս Պապը ժամանեց Փորթուկալ - Ֆաթիմա։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 12 Մայիս 2017-ի, Փորթուկալի ժամով յետմիջօրէի 16.20 (Հռոմի ժամով 17.20) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետն ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը փոխադրող օդանաւը` 3 ժամ 20 վայրկեան տեւող ճամբորդութեան աւարտին, սաւառնելէ ետք  Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Սպանիոյ եւ Փորթուկալի օդային տարածքներու վրայէն, վայրէջք կատարեց Մոնթէ Ռէալ օդակայան ուր դիմաւորուեցաւ Փորթուկալի մօտ առաքելական նուիրակ գերապայծառ Ռինօ Փասսիկաթթոյի ու Փորթուկալի հանրապետութեան նախագահ` Տիար Մարչելօ Նունօ Տուարթէ Ռեպելօ Տէ Սուզայի կողմէ, ի ներկայութեան քաղաքական ու եկեղեցական բարձրաստիճան իշխանութիւններու։

Օդակայանի մէջ կայացած պատուոյ ընդունելութեան արարողութեան ու պատուիրակութիւններու ներկայացումի աւարտին, Սրբազան Քահանայապետը օդակայանին մէջ առանձնական հանդիպում ունեցաւ Փորթուկալի նախագահին հետ որուն աւարտին տեղի ունեցան նուէրներու փոխանակում, հուսկ Սրբազան Պապը այցելեց օդակայանին մէջ գտնուող մատուռը ուր պահ մը ամփոփուեցաւ աղօթքի մէջ ապա ստորագրեց Մատրան ոսկեմատեանը։

Բարի գալուստի վերոնշեալ պաշտօնական արարողութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը  ինքնաթիռով  կը փոխադրուի Ֆաթիմա ուր կը ժամանէ տեղական ժամով 5.35-ին (Հռոմ 18,35) եւ անմիջապէս կ՛ուղղուի Տիրամօր երեւումներու մատուռ ուր կը դիմաւորուի Սրբավայրի Ռէկտորի եւ 1000 մանուկներու կողմէ, ապա մուտք կը գործէ Երեւումներու Մատուռ ու պահ մը առանձնական աղօթքի աւարտին Տիրամօր կ՛ուղղէ աղերսական աղօթք մը որով համայն մարդկութիւնը կը յանձնէ Անոր հովանիին։

Աղօթքի աւարտին Նորին Սրբութիւնը Ֆաթիմայի Տիրամօր կը նուիրէ Ոսկիէ վարդ մը ապա իր օրհնութիւնը կը շնորհէ այնտեղ համախմբուած բազմահազար ուխտաւորներուն։

Ուրբաթ 12 Մայիսի երեկոյեան 9.00-ին, ընթրիքէն ետք, Ֆրանչիսկոս Պապ  Տիրամօր երեւումներու մատրան մէջ կը գլխաւորէ մոմերու օրհնութեան կարգը որուն առթիւ  ողջոյնի  խօսք կ՛ուղղէ ներկաներուն ու կը մասնակցի սուրբ վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքին որով կ՛աւարտէ ուխտագնացութեան առաջին օրուան յայտագիրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.