2017-05-12 10:35:00

Արցախի մէջ օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներու քանակի աճ արձանագրուած է


2017 թուականի առաջին եռամսեակին Արցախի մէջ արձանագրուած է ներգնայ զբօսաշրջիկներու թիւի 10 տոկոս աճ՝ 2016 թուականի նոյն ժամանակահատուածի հետ համեմատ:

Արցախի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան տեղեկութիւններով՝ առաջին եռամսեակին Արցախ այցելած են մասնաւորապէս ՌԴ, ԱՄՆ, Իրանի եւ եւրոպական շարք մը երկիրներու քաղաքացիներ: Առաջին եռամսեակին ամենաշատ այցելու ունեցող զբօսաշրջավայրերու շարքին են Տիգրանակերտի արգելոցը, Գանձասարի վանական համալիրը, Յունոտի կիրճ բնապատմական արգելոցը եւ Ծաղկաշատի ազգագրական համալիրը` Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանով հանդերձ: Հետաքրքրութեան աճ կը նկատուի նաեւ Տողի մելիքական ապարանք արգելոցի նկատմամբ: Զբօսաշրջիկներուն այցելութեան հիմնական նպատակն է ճանաչողական հանգիստի կազմակերպումը Արցախի մէջ:

ԱՀ տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Ս. Շահուերդեանի խօսքով՝ զբօսաշրջային եղանակին ընդառաջ՝ նման տուեալներու արձանագրումը խոստմնալից է, յատկապէս հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ խօսքը կը վերաբերի միայն օտարերկրեայ քաղաքացիներուն, որոնք մուտքի արտօնագրեր ստացած են Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութենէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.