2017-05-11 14:06:00

Ֆրանչիսկոս Պապ.՝՝Հաւատքն ու բարոյականութիւնը միշտ աւելիով կը հասկցուին ուղեւորութեան մէջ՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) ՝՝Աստուծոյ ժողովուրդը միշտ ուղեւորութեան մէջ է խորացնելու համար իր հաւատքը՝՝։Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին, հինգշաբթի, 11 մայիս 2017-ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին նիւթը։    

Մեկնաբանելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումը՝ քաղուած Գործ Առաքելոցէն՝ , ուր Սուրբ Պօղոս  կը խօսի Փրկչագործութեան  պատմութեան մասին, մինչեւ Յիսուս։ ՝՝Աստուծոյ փրկչագործութիւնը՝՝ ըսաւ Սրբազան Հայրը  ուղեւորութեան մէջ  է մինչեւ  ժամանակներու լրումը՝  սուրբերուն եւ մեղաւորներուն հետ  միասին։  

Աստուած  իր ժողովուրդը կ՝առաջնորդէ,  խաւար  եւ քէշ պահերուն մէջ , ազատութեան եւ ստտկութեան ներքեւ  սակայն՝  միշտ կ՝առաջնորդէ դէպի ժամանակներուն լրումը, դէպի Տիրոջ հետ հանդիպում,   հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը ու անդրադարձաւ Եկեղեցւոյ՝ Աստուծոյ ժողովուրդին  երկրորդ ուղեւորութեան մասին  ըսելով ՝՝Յիսուս  մեզի թողուց Սուրբ Հոգին,  որ մեզի յիշել եւ  հասկնալ կու տայ Աստուծոյ  պատգամը ։   Այս է   երկրորդ ուղեւորութիւնը, որ է  եկեղցեցին­  որ յառաջ  կ՝երթայ , սուրբերուն եւ մեղաւորներու  հետ միասին սակայն միշտ յառաջ>>  ըսաւ ֆրանչիսկսո Պապ աւեցնելով որ եկեղեցւոյ ուղեւորութիւնը եղած է խորացնելու համար Յիսուսի անձը, խորացնելու համար մեր հաւատքը ,  հասկնալու համար  նաեւ բարոյականութիւնն ու  պատուիրանները։

Ֆրանչիսկսո Պապ ապա անդրադարձաւ  երրորդ ժամանակներու լրումին մասին ըսելով որ մեզմէ իւրաքանչիւրը ուղեւորութեան մէջ կը գտնուի դէպի իր յատուկ ժամանակի լրում։ Մեզմէ Իւրաքանչիւրը պիտի հասնի իր յատուկ լրումի պահին, իր կեանքի վերջաւորութեան,  ուր պիտի գտնէ Տէրը։   Մենք բոլորս կը գտնուինք կեանքին երկրորդ ուղեւորութեան մէջ եւ  յառաջ կ՝ընթանանք դէպի  երրորդ ժամանակի լրում, որուն համար  Յիսուս Սուրբ Հոգին ուղարկեց, որպէսզի մեր  հետ  ընթանայ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ որ ապա  քարոզը աւարտեց  յորդորելով թէ երբ խոստովանքի խորհուրդին մօտենանք  հարց տանք  եթէ գիտակից ենք  թէ մեր առած քայլերը կ՝առաջնորդեն դէպի ժամանակներու լրում, դէպի Տիրոջ հետ հանդիպում։ Եւ այս  Աստուծոյ ողորմութեան մեծ արարքն է ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։








All the contents on this site are copyrighted ©.