2017-05-11 09:39:00

Արամ Ա. վեհափառի հարցազրոյցները քուէյթեան ու եգիպտական թերթերու եւ պատկերասփիւռի կայաններու հետ։


Անցնող օրերուն ընթացքին Արամ Ա. կաթողիկոս յաջորդաբար հարցազրոյցներ ունեցաւ քուէյթեան ու եգիպտական թերթերու եւ պատկերասփիւռի կայաններու հետ: Յիշեալ հարցազրոյցներուն ընթացքին արծարծուեցան յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան, Միջին Արեւելքին մէջ քրիստոնէութեան ներկայութեան, հայ համայնքներուն, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան առնչուած նիւթեր:

Վերոյիշեալ նիւթերուն գծով վեհափառ հայրապետը լայն բացատրութիւններ տուաւ` պատմական հակիրճ ակնարկ նետելով ու յատկապէս շեշտելով տիրող ներկայ պայմանները: Այսպէս, անդրադառնալով Ցեղասպանութեան, վեհափառ հայրապետը շեշտեց անոր ճանաչման ու հատուցման պահանջը` նշելով, որ հայը ո՛ւր որ ալ գտնուի նոյն մօտեցումը ունի այս հարցին նկատմամբ: Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը վեհափառ հայրապետը նկատեց հրամայական: Ան ըսաւ, որ դարերով միասին ապրած են միաստուածեան այս կրօններու հետեւորդները,  եւ այսօր, հակառակ հոս ու հոն գոյութիւն ունեցող որոշ զգայնութիւններուն, պէտք է շարունակեն միասին ապրիլ` յաղթահարելով կարգ մը դժուարութիւններ: Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութիւնը պատմական իրողութիւն է, ըսաւ վեհափառ հայրապետը: Ճիշդ է, պատմութեան պայմանները յաճախ փոխուած են, սակայն եկեղեցիները համապատասխան մօտեցում ունեցած են իրենց կեանքն ու վկայութիւնը վերակազմակերպելու իմաստով:

Վեհափառ հայրապետը, խօսելով յատկապէս արաբական երկիրներու մէջ հաստատուած մեր համայնքներուն մասին, նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն յայտնեց արաբական երկիրներուն, որոնք այնքան սիրով ու բարեացակամութեամբ ընդունած են մեր ժողովուրդի զաւակները Ցեղասպանութենէն ետք: Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ արաբական երկիրներուն մէջ հաստատուած մեր համայնքները ո՛չ միայն հաւատարիմ քաղաքացիներ եղան, այլ նաեւ իրենց աշխատասիրութեամբ ու մասնագիտութեամբ կարեւոր ներդրում ունեցան այդ երկիրներու զարգացման ու յառաջդիմութեան մէջ: Մեր համայնքի զաւակները, ճիշդ է, համախմբուեցան մեր մշակութային, կրօնական ու այլ համայնքային կառոյցներուն շուրջ, պահեցին իրենց ինքնութիւնը, սակայն միաժամանակ իրենք զիրենք նկատեցին անբաժան մասը իրենց ապրած երկրին ու ընկերութեան, շեշտեց վեհափառ հայրապետը:








All the contents on this site are copyrighted ©.